Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեան Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Կալուածոց Հոգաբարձութեան անդամները, որոնք ի սրտէ շնորհաւորեցին նորընտիր թեմակալ առաջնորդը, անոր մաղթելով արդիւնաբեր առաքելութիւն: Մտերմիկ հանդիպումը ծանօթացման եւ սրտբաց զրոյցի բնոյթ ստացաւ: Ներկաները զեկուցեցին Կալուածոցի ներկայ աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագրերուն մասին, մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առնելով Ազգ. Առաջնորդարանի վերանորոգման գործերը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խրախուսեց Կալուածոցի անդամները, մաղթելով անսպառ կորով եւ աննուաճ կամք: Ապա յայտնեց, թէ շինարարական նախաձեռնութիւնները բարենպաստ եւ ազդու ներդրում ունին գաղութի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Աւարտին, ներկաները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնանքը: