«Փանօրամա».-Լոս Անճըլըսի «Գրեմմի» միցանակաբաշխութեան թանգարանը 200 հազար տոլար նուիրատուութիւն  տրամարդած է ԱՄՆ-ի մէջ իրագործուող 15 ծրագիրի, որպէսզի աջակցին  զանազան նիւթերով  շարք մը ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ արխիւային եւ  պահպանման շարք մը ծրագրերու:

Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական կեդրոնին (Armenian Studies Program, California State University, Fresno) նիւթական նուէր պիտի տրուի հայկական երաժշտական ստեղծագործոզութիւններու եզակի ձայնագրութիւններուն թուայնացման համար:

«Այս նախագիծը պիտի կեդրոնանայ ԱՄՆ-ի  հայկական Սփիւռքէն հաւաքուած սկաւառակներու վրայ գրեթէ 1.500 ձայնագրութեան գրանցման եւ տեղաւորման վրայ: Ձայնագրութիւնները կը փաստագրեն ԱՄՆ-ի մէջ հայերուն վաղ պատմութիւնը: Հաւաքածոն կը ներկայացնէ երաժիշտներու երգերը, որոնց ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կարգավիճակը ստիպած է անոնց հայրենիքը լքել»,յայտնած են թանգարանէն:

5000 տոլարի նուիրատուութիւնը ուղղուած է մօտաւորապէս 1500 ձայնագրութեան թուայնացման: