«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Արտահան նահանգէն ընտրուած անկախ պատգամաւոր Օզթիւրք Եըլմազ յայտարարած է, որ երբ Թուրքիա Ռուսաստանէն գնած S-400 ՀՕՊ համակարգերը գործածութեան դնէ, ԱՄՆ-ն կրնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ:

«Եթէ S-400-ները գործածութեան դրուին Ապրիլ 2020-ին, նոյն ամսուն քոնկրեսի մէջ կ’ընդունուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ ժամկէտը ճիշդ չէ ընտրուած: Ինչո՞ւ  այդքան կը սպասէք:  Կարեւոր է, որ 2020-ի գործընթացին  արձագանգները հանդարտեցնել  եւ օրակարգը փոփոխութեան ենթարկել:  Ձեր կողմէն նշուած  S-400-ներու գործածութեան ժամկէտին մէջ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը բերուի քոնկրեսի օրակարգ եւ ընդունուի:  Ես չեմ գիտեր, թէ Թուրքիոյ նախագահը ինչու յայտարարեց այդ ժամկէտին մասին: Այդ ժամկէտը պէտք է առաջ բերուի»: