«Արմէնփրէս».-Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածուներէն Պըռնի Սանտըրս յայտնած է, որ պատրաստ է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ան 26 Յուլիսին Լոս Անճելըսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խոստացած է ընտրուելու պարագային 24 Ապրիլին նախագահի ուղերձին մէջ օգտագործել «Ցեղասպանութիւն» եզրը` ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, որոնք չյարգեցին իրենց ընտրական խոստումը:

«Դուք դէմ պիտի կանգնի՞ք Թուրքիոյ կառավարութեան եւ պաշտօնապէս պիտի օգտագործէ՞ք «Ցեղասպանութիւն» բառը» «ՄասիսՓոսթ»ի հարցումին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամը պատասխանած է. «Այո՛, ես կը կարծեմ, որ այս բանավէճը աւարտած է»:

Պըռնի Սանտըրս գործող ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսի եւ Թետ Քրուզի նախաձեռնած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն է: