«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Վարչութեան նախաձեռնութեամբ 25 Յուլիսին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ սկսած է ՀՅԴ համաարցախեան 3-րդ բանակումը: Անիկա նուիրուած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմին վերաբացման 30-ամեակին:

Բանակումը նախատեսուած է ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութեան շարքերուն մէջ ընդգրկուած պատանիներուն եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն համար:

Բանակումին կը մասնակցին աւելի քան 80 պատանիներ` Արցախի շրջաններէն եւ Ստեփանակերտ քաղաքէն: Օրակարգը կ’ընդգրկէ շարային պատրաստութիւններ, ծանօթացում զէնքի օգտագործման կանոններուն, բացօթեայ աշխատանքներ, երգի ու պարի ուսուցում, արշաւներ, մարզական ու զարգացման խաղեր:

Բանակումի ընդհանուր պատասխանատուն է արցախեան շարժման աշխոյժ մասնակից, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Հարմիկ Յովսէփեան, բանակումին հրաւիրուած է նաեւ ազատամարտիկ Անդրանիկ Ապոյեան:

Բանակումի մասնակիցներուն համար դասախօսութիւններով հանդէս եկան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Պալայեան, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: