«Երկիր».-«Հնգեակ»ի (Ռուսիա, Չինաստան, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա) եւ Իրանի ներկայացուցիչները Վիեննայի մէջ կ’իրականացնեն Թեհրանի հետ միջուկային գործարքի ճգնաժամի շուրջ կարգաւորման հանդիպումը:

Բանակցութիւններուն վայրը, ինչպէս նախորդ տարիներուն, Palais Coburg հիւրանոցն է։

Միատեղ յանձնաժողովի ներկայ նիստը, կ՛ակնկալուի, որ դառնայ Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ գործողութիւններուն միաատեղ համապարփակ ծրագիրին մասին նախարարական բանակցութիւններու նախապատրաստումը։

Ռուսաստանի Դաշնութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ զրոյցին ընդգծած է, որ Մոսկուա կը շարունակէ Իրանին կոչ ուղղել ձեռնպահ մնալու միջուկային գործարքի շուրջ իրավիճակը սրող քայլերէ, սակայն աւելցուցած է, որ այլ պետութիւններ եւս պատասխանատուութիւն պէտք է դրսեւորեն այս առումով: