Ատրպատական, Ազգային Առաջնորդարան, Թաւրիզ – 65-րդ տարին թեւակոխեց արդէն Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան նախաձեռնած եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, որ բացառիկ երեւոյթ է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Պատմական Արտազ գաւառին մէջ Ս. Թադէոս  Առաքեալի վանքի կամարներուն տակ, 1954 թուականին սկսած այս պաշտօնական ուխտագնացութիւնը, ամէն տարի իւրայատուկ ապրումներով եւ հոգեւոր ու ազգային իր մթնոլորտով կը գօտեպնդէ համայն իրանահայութիւնը, յատկապէս Ատրպատականցի հայը, ինչպէս նաեւ հեռաւոր երկիրներու մէջ ապրող հազարաւոր հայերը, որոնք հեռակայ կարգով կը հետեւին սոյն ուխտաւորութեան:

Բարձր հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի, 65-րդ տարին ըլլալով, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, սոյն ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ 25-27 Յուլիս 2019-ին:

Ժամանում եւ Երեկոյեան ժամերգութիւն

Ատրպատականի տարբեր շրջաններէն՝ Թաւրիզէն, Ուրմիայէն, Սալմաստէն, Իրանի տարբեր քաղաքներէն՝ Թեհրանէն, Սպահանէն, Ահուազէն եւ այլ քաղաքներէ, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն շուրջ 4 հազար ուխտաւորներ ժամանեցին  Ս. Թադէոս առաքեալին վանքը, մասնակից դառնալու եկեղեցական արարողութիւններուն, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագին, եւ ազգային տօնախմբութեամբ կատարելու Վանքին Ուխտի օրը:

Ըստ տարիներու աւանդութեան, Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին կողմէն հարիւրաւոր վրաններ լարուած էին Ս. Թադէի վանքի շրջակայքին մէջ, հիւրընկալելու համար ուխտաւորները: Ուխտաւորներէն ոմանք Չորեքշաբթի 24 Յուլիս 2019-ի երեկոյէն արդէն ժամաներ էին Վանք եւ յարդարել իրենց վրանները, մէկ օր եւս ապրելու Ս. Թադէի սրբացնող ու վեհ միջավայրին մէջ:

Հինգշաբթի, 25 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը ճիշդ 5։00-ին Սուրբ Թադէի վանք ժամանեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց եւ դպրաց դասի, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին կողմէ: Վանքի դարաւոր զանգի ղօղանջներուն տակ, Սրբազան հայրը կանգ առաւ տաճարի զանգակատան ներքեւ: Եկեղեցւոյ նախկին սովորական փայտէ շինուած դուռը անանուն բարերարի մը նուիրաբերմամբ փոխարինուած էր, Թաւրիզի Հայոց «Մելիք-Թանգեան» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած պատմական դրան հարազատ կրկնօրինակումը եղող նոր դուռով:

Նոր դրան օրհնութիւնը կատարելու համար, ըստ ծիսակարգի, սրբազան հայրը նախ վար առաւ զայն ծածկող քօղը, ապա ծնրադրեց տաճարի դրան առջեւ, «Բաց մեզ Տէր» ողոգական երգը կատարելով: Ապա «Ամէն ալէլուլիա» երգի եւ օրհնութեան աւարտին, սրբազան հայրը կարդաց յատուկ աղօթք, ուր Ամենասուրբ Երրորդութեան ուղղուած խնդրանքով հայցեց, որ նոր դուռը սովորական փայտ չհամարուի եւ զայն համբուրողները սովորական փայտը համբուրած չըլլան, այլ Աստուծոյ սուրբ տաճարի սրբացնող դուռը:

Օրհնութեան ծիսակարգէն ետք, «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ բացուեցաւ դուռը եւ Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով յառաջացաւ սուրբ խորան, ուր կատարուեցաւ կանոնական աղօթք:

Բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին իր առաջին խօսքը ուղղելով, Սրբազանը փառք ու գոհութիւն ընծայեց Աստուծոյ, որ ուխտագնացութիւններու շղթան անընդմէջ կը շարունակուի, հակառակ տարբեր ժամանակահատուածներու        աշխարհաքաղաքական դէպքերու եւ փոփոխութիւններու. «Հոգեւոր ցնծութեամբ հպարտ են մեր հոգիներն ու սրտերը այս պահուն, երբ ֆիզիքապէս կը վայելենք հոգեպարար եւ աղօթաբոյր սրբավայրը Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքին: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, վստահաբար, ինչպիսի՜ ուխտերով՝ իր ընտանիքին, իր հարազատներուն, իր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ իր զաւակներուն բարւօք կեանքին համար աղօթքներով եկեր հասեր է այստեղ, խնդրակատար Սուրբ Թադէոս առաքեալին մատուցելու իր հաւատքին երախայրիքը», ըսաւ սրբազանը: Ապա ան անդրադարձաւ տաճարի բարեզարդումին, սկսելով մուտքի դուռէն. «Քիչ առաջ կատարեցինք այս տաճարի գլխաւոր մուտքի նոր դրան օրհնութիւնը: Անապահով կացութեան բերումով, տասնամեակներ առաջ երբ ամայացաւ Ս. Թադէի վանքը, հայաթափուեցաւ կողքի Վանք գիւղը, այս վանքին պահապան հայերը, փրկելու համար տաճարին պատմական արժէք ունեցող դուռը, զգուշութեամբ քակեր են զայն իր տեղէն եւ փոխադրեր հայաշատ Թաւրիզ քաղաքը, ուր անիկա կը գտնուի մինչեւ այսօր, մեր թեմի թանգարանին մէջ: Այսօր տարիներո՜ւ երազի իբրեւ իրականացում, ճիշդ նոյնին օրինակով եւ անանուն բարերարին նուիրաբերմամբ, այս տաճարը ունեցաւ գեղաքանդակ դուռ, փոխան նախկին հասարակ դրան, աւելցնելով այս սրբավայրին շքեղութիւնն ու փայլքը: Աւելին, ինչպէս կը տեսնէք, տաճարին զոյգ գմբէթները ներքնապէս լուսաւորուեր են զոյգ եռայարկ ջահերով, որոնք դարձեալ տարիներու երազ էր ունենալը: Լոյսը Աստուծոյ ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ: Թող Աստուած բոլորիս կեանքին ճանապարհը Իր լոյսով լուսաւորէ, որպէսզի երբեք չսայթաքինք», ըսաւ սրբազանը, իր գնահատանքը յայտնելով այս բոլոր աշխատանքները ծրագրող եւ կառավարող՝ Դոկտ. Շերլի Աւետեանին եւ անոր գործակիցներուն՝ Ալէն Գրիգորեանին եւ Կարէն Մկրտիչեանին, որոնք իբրեւ Իրանի Եկեղեցիներու Պահպանութեան Կեդրոնի տնօրէն եւ աշխատակիցներ, մեծ հոգածութեամբ կը վերաբերին մեր թեմի վանքերու բարեզարդման կարեւոր գործին:

Վերջապէս Սրբազան հայրը ողջունեց ուխտաւորները, որոնք հաւատարմութեամբ եկեր էին իրենց տարեկան ուխտաւորութեան. «Ամէն տարի այս օրերուն մենք ժամադրութիւն ունինք Սուրբ Թադէոս առաքեալին հետ, իր սրբավայրին մէջ: Ինչքա՜ն երջանիկ պիտի զգանք, որ արժանի պիտի ըլլանք Շաբաթ օրուան Ս. պատարագէն ետք համբուրել Սուրբին Աջն ու օրհնութիւնը ստանալ ուղղակի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տասներկու աշակերտներէն մէկուն ձեռամբ», ըսաւ ան:

Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ աղօթակցութեամբ հաւատացեալ ուխտաւորներուն:

Հսկումի ժամերգութիւն

Ամէնօրեայ դրութեամբ, առաւօտ եւ երեկոյ ժամերգութիւններ տեղի ունեցան տաճարին մէջ, իսկ Ուրբաթ գիշեր ժամը 8։00-ին, կատարուեցաւ Գիշերային ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին: Խորանի աջ կողմը, ամէն տարուան աւանդութեան համաձայն զետեղուած էր հսկայ խաչափայտ մը, գամերով պատուած, որուն վրայ հաւատացեալներ կը զետեղէին իրենց աղօթքներն ու խնդրուածքները, խնդրելով Ս. Թադէոս առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին բարեխօսութիւնը:

Յայտնենք, թէ թեմի քահանայ հայրերը Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն նաեւ մկրտութեան արարողութիւն կատարեցին, իրենց զաւակները վանքին մէջ կնքելու ուխտ ունեցող ընտանիքներուն փափաքը իրականացնելով: Խորհրդակատարութիւններէն բացի, անոնք նաեւ աղօրհնէք կատարեցին մատաղցու ոչխարներու զենման համար: Հետաքրքրական էր նաեւ ժողովուրդին զօրեղ հաւատքը, կրծքախաչերու օրհնութիւն հայցող: Հանդիպած հոգեւորականին կը դիմէին անոնք, իրենց նոր գնած խաչերուն համար հոգեւոր օրհնութիւն խնդրելով, որոնց կ’ընդառաջէին ուխտագնացութեան մասնակից μոլոր հոգեւորականները, սկսեալ Առաջնորդ Սրբազանէն:

Ուխտի Սուրբ Պատարագ՝ տաճարին մէջ

Շաբաթ, 27 Յուլիս 2019-ին, ուխտագնացութեան վերջին օրը, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Ս. Թադէի վանքի տաճարին մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատոյց եւ պատգամեց Ատրպատականի Առաջնորդ Սրբազանը: Խորանին կը սպասարկէին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան եւ Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Ղուկասեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը քառաձայն կատարուեցաւ Թաւրիզի «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանին: Ս. Խորանին կը սպասարկէին թեմի սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը՝ զոյգ բուրվառով, քշոցակրութեամբ, կերոնակրութեամբ եւ մոմակրութեամբ:

Թեմակալ առաջնորդը իր հոգեւոր պատգամը յղելով ներկայ ուխտաւորներու բազմութեան, փառք ու գոհութիւն յայտնեց Երկնաւոր Հօր, խաղաղ պայմաններու մէջ սոյն ուխտագնացութեան կայացման համար. «Աշխարհը կ’եռայ սպառնալիքներով, թշնամանքով ու ատելութեամբ, սակայն Աստուծոյ սէրը աւելի հզօր է եւ ուժեղ որով արժանի դարձուց մեզի սիրոյ այս միջավայրին մէջ, իր սուրբ տաճարին խաղաղ նաւահանգիստին մէջ մասնակից դառնալու այս ուխտագնացութեան 65-րդ տարուան արարողութիւններուն», ըսաւ ան:

Սաղմոսին տողերը մէջբերելով, ան ըսաւ. «Աստուած երկինքէն նայեցաւ բոլոր մարդոց որդիներուն, տեսնելու թէ կա՞յ իմաստուն մարդ մը, որ զԱստուած կը փնտռէ»: Կիրակնօրեայ ժամերգութիւններուն ընթացքին երգուող Սաղմոսին սոյն տողերը ուխտաւոր հաւատացեալներուն առ ի գնահատութիւն արտասանելով, Սրբազան հայրը ցոյց տուաւ, թէ «Այո՛, կան իմաստուն զաւակներ մարդոց որդիներուն մէջ, որոնք զԱստուած կը փնտռեն մինչեւ այս հեռաւոր վայրերուն մէջ, իր Սուրբ տաճարին քով գալով եւ ուխտ կատարելով: Սակայն տակաւին կան շատե՜ր որոնք ոչ են յայսմ գաւթէ: Անոնց սիրտը տակաւին կը բաբախէ աշխարհիկ հոգերով, ու տարբեր մեղքերով: Աթոռի, փառքի, հանգամանքի եւ ուժի հասնելու իրենց մոլուցքին մէջ, սկսեալ աշխարհի քաղաքական ղեկավարներէն այսօր, մարդիկ կը փորձեն քայքայել աշխարհի խաղաղ կեանքը: Երբեմն անոր օրինակը կը տեղափոխուի ամէնէն նեղ միջավայր, ուր քէնը, ոխը, բամբասանքը, կռիւն ու ատելութիւնը բոյն կը դնեն մեր հոգիներուն մէջ եւ կը հեռանանք Աստուծմէ: Ինչքա՛ն հեռանանք Աստուծմէ, այնքան աւելի կը մօտենանք սատանային: Աստուծո՞յ ընտանիքին անդամ կ’ուզենք ըլլալ, թէ՞ չարի իշխանին, որ ամէն տեղ է: Եկեղեցւոյ մէջ ալ կրնայ մտնել ան, անարգել», ըսաւ սրբազանը:

Ապա պատմութեան անցքերը քաղելով ցոյց տուաւ ան, որ Սուրբ Թադէի վանքը մեր հաւատքի ծննդեան իսկական աւազանն է, ուր մենք կնքուեր ենք իբրեւ քրիստոնեայ, Սուրբ Թադէոս առաքեալին ձեռքով, անոր սուրբ արեան մէջ թաթխուելով. «Քրիստոնէական մեր հաւատքը զօրացնելու եւ մեր ուխտը վերանորոգելու սքանչելի առիթ է այս մեզի համար, երբ մեր հաւատքի ծննդավայր հոգեւոր այս աւազանին մէջ անգամ մը եւս հոգեպէս մկրտուելու պատեհութիւն կը տրուի մեզի: Մենք այն բախտաւորներէն ենք այստեղ հաւաքուած, որ Տիրոջ հրամանով արժանի կը դառնանք մեր մեծ սուրբին, Սուրբ Թադէոս առաքեալին բարեխօսութեան: Նաեւ մեր ազգային արմատներուն մէջ վերստին խրուելու եւ մեր պատմութեամբ զօրանալու առիթ է այս ուխտագնացութիւնը: Որովհետեւ այստեղ սրախողող եղած է ու իր հոգին աւանդած մեր ազգին առաջին նահատակը՝ Ս. Սանդուխտ կոյսը: Ինչպէս քրիստոնեայ աշխարհը կը պարծենայ իր առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոսով, մենք ալ պէտք է պարծենանք մեր ազգին առաջին նահատակով, որ իգական սեռին կը պատկանի», ըսաւ սրբազանը:

Աւարտին, ան շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց պետական պատասխանատուներուն, Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետին, Չալտրանի կուսակալին, Մշակութային ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութեան, Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան պետական կեդրոնին, փոքրամասնութիւնների գրասենակին, ինչպէս նաեւ Ազգային կառոյցներուն՝ Երեփոխանական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, հոգեւորականաց եւ Սարկաւագաց ու Դպրաց դասերուն, «Կոմիտաս» երգչախումբին, Տիկնանց միութեան, Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, եւ ՀՄԱԿ-ի կարգապահներուն եւ Սկաուտական կազմին, իրենց անվերապահ մասնակցութեան համար:

Ան յատուկ գնահատանք յայտնեց Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանին, որուն ջանքերով տաճարին զոյգ գմբէթները օժտուեր էին հսկայական ջահերով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պարզ փայտէ շինուած ժամանակաւոր դուռը փոխարինուեր էր անոր նախկին իսկական դրան բացառիկ քանդակազարդ կրկնօրինակումով:

Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիրին ընթերցումը

Իր պատգամի աւարտին, սրբազան հայրը ուրախութեամμ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Օրհնութեան յատուկ Գիր յղած է, իր Հայրապետական օրհնութիւնը բերելու Վանքի ուխտագնացութիւններու 65-ամեակին առիթով: Ուստի հոգեւորականաց դասը հանդիսաւոր թափօրով վերբերեց Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը, զոր առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց ի լուր հաւատացեալներուն:

Նորին Սրբութիւնը հաւատքի ամրութիւն եւ քաջալերանք կ’ուղղէր բոլոր ուխտաւորներուն, նաեւ Հայրապետական գնահատանք արձանագրած էր պետական պատասխանատուներուն, սկսեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ՝ Այաթ. Խամենէէն, որոնց հոգածու վերաբերումով ամէն տարի տեղի կ’ունենայ ուխտագնացութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր Հայրական սէրը կ’արտայայտէ ազգային կառոյցներուն, որոնց հովանաւորութեամբ, թեմի բոլոր աշխատանքները μնականոն կ’ընթանան:

Ս. Պատարագի աւարտին, Ս. Թադէոս առաքեալի աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, մասնակցութեամբ ներկայ բոլոր հոգեւորականներուն: Երգչախումբը խոր ապրումով հնչեցուց «Կիլիկիա»ն, բարեպաշտ ժողովուրդին երգակցութեամբ: Ապա, սուրբ Աջով գլխաւորուած եկեղեցականաց թափօրը, ուղեկցութեամբ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաուտական կազմի արիներուն, ուղղուեցաւ դէպի շրջափակ եւ ամբողջ տաճարին շուրջը դառնալով եկաւ առաջնորդական յարկաբաժնին՝ վանահօր սենեակին առջեւ, ուր երգչախումբը կատարեց «Հայր Մեր»ը: Ապա, սրբազան հայրը «Պահպանիչ»ով օրհնեց ժողովուրդը, գնահատական իր խօսքը ուղղեց ազգային իշխանութեան, երգչախումբին, կրտսերաց դպրաց դասին, Տիկնանց միութեան, ու Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, կատարուած կազմակերպ եւ բծախնդիր աշխատանքին համար:

Հանդիպում պետական ներկայացուցիչներուն հետ

Շաբաթ առաւօտեան, Վանքի մօտակայքում տեղադրուած պետական հսկայ վրանին տակ պաշտօնական հանդիպում կայացաւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ պետական ներկայացուցիչներուն միջեւ, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան,  Իրանի եկեղեցիներու պահպանման պետական կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանի, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հիւրերու:

Հանդիպման վայրը ժամանեցին Չալտրանի կուսակալ Մոհամմէտ Զատէն, ընկերակցութեամբ արեւելեան եւ արեւմտեան Ատրպատականի Փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատուներուն, Մշակութային ժառանգութիւնների տնօրէն Ջաբբարիի, գնդապետներու, ապահովական մարմինի պատասխանատուների եւ պետական այլ անձնաւորութիւններու:

Առաջնորդ Սրբազանը նախ խօսք առնելով, իր բարձր գնահատանքը եւ միաժամանակ ուրախութիւնը յայտնեց, որ    65-րդ տարին ըլլալով, հովանաւորուած Իրանի պետական բարձրագոյն իշխանութենէն, Ս. Թադէի վանքը իր դռները բաց կը պահէ ուխտաւորներուն դիմաց: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Մշակութային ժառանգութիւններու տնօրէնութեան եւ Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանին, որոնք վերջին տարիներուն հսկայածաւալ շինարարութիւններու ձեռնարկած են մեծապէս բարեզարդելով մեր վանքերը, յատկապէս Ս. Թադէի Վանքը: Սրբազանը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց, թէ Ս. Թադէի Վանքին արժէքը միայն Իրանի սահմաններուն մէջ չի՛ պարփակուիր: Անոր հոգեւոր բարձրարժէք կեդրոն ըլլալը առաջին դարէն մինչեւ այսօր համայն աշխարհին ծանօթ է, իբրեւ քրիստոնեայ աշխարհի առաջին վանական համալիրը:

Երախտիքի խօսքերուն մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց յատկապէս ապահովական մարմիններուն կատարած զգուշաւոր աշխատանքը, խաղաղ ուխտագնացութիւն ունենալու համար երեք օրերու ընթացքին: Ան յիշեց յատկապէս այն զինուորները, որոնք մինչեւ լոյս լեռներուն վրայ պահպանութիւն կատարելով, ուխտաւոր բազմութեան ապահովութիւնը յանձն առեր էին: Սրբազան հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան Ատրպատականի Փոքրամասնութեան գրասենեակի պատասխանատուին, ինչպէս նաեւ անոր օգնականներուն:

Հանդիպման ընթացքին Կուսակալը եւ Արեւմտեան Ատրպատականի Փոքրամասնութիւններու գրասենեակի կրօնաւորը մեծարանքի խօսքերով գնահատեցին իրանահայութիւնը, որոնք աւանդութիւններու պահպանումով օրինակ կը հանդիսանան այլ մշակոյթներու հետեւող ժողովուրդներուն: Կուսակալը յատկապէս խոստացաւ իր կարելին ի գործ դնել առաւել այցելուներ ունենալու Նահանգի մշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներուն, գլխաւորութեամբ Սուրբ Թադէի Վանքին: Ան յայտնեց, որ այս գծով արդէն բանակցութիւններ վարած են տարբեր կողմերու հետ, իրականացնելու համար մեծածախս ծրագրեր: Հանդիպման աւարտին, դոկտ. Շերլի Աւետեանին կողմէ եւ Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ յիշատակի յատուկ նուէր յանձնուեցաւ Չալտրանի կուսակալ՝ Մոհամմէտ Զատէին:

Յայտնենք, որ պետական պատասխանատուները ներկայ գտնուեցան Սուրբ Պատարագին եւ յարգեցին հայ ուխտաւոր ժողովուրդը, մասնակից դառնալով անոնց աղօթքին:

Ս. Թադէի Ուխտագնացութիւնը, շուրջ չորս հազար ուխտաւորներով, աշխարհի տարբեր երկիրներէն, այս տարի եւս բացառիկ առիթ հանդիսացաւ մեր ժողովուրդին քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգելու եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու, գնահատելու այն՝ ինչ որ մեր գոյութեան համար անհրաժեշտ է, եւ մեր հաւաքական կեանքի համար էական: