Երկուշաբթի, 29 Յուլիսին Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի նախագահն ու անդամները շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդին:

Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին
Խորհուրդի անդամները, շնորհաւորական խօսքերէն ու բարի մաղթանքներէն ետք, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին խորհուրդի մարզին վերաբերող աշխատանքներուն ընթացքին գործակցիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով վեր առաւ հայ համայնքին դերը Հալէպ նահանգի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ եւ շեշտեց գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները: