Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ  25-րդ անգամն է, որ տեղի կ’ունենայ հերթական ուսանողական հաւաքը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայրենիք ժամանած երիտասարդներու մասնակցութեամբ հաւաքի պաշտօնական բացումը կատարուած է 15 Յուլիսին: Երկշաբաթեայ ծրագրի ընթացքին շուրջ 35 երիտասարդներ, որոնցմէ մէկ  մասը առաջին անգամ  հայրենիքի մէջ կը գտնուի, առիթ ունեցան ծանօթանալու Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կեանքին, այցելել պատմամշակութային, կրթական կոթողներ, թանգարաններ, կապեր հաստատել այլ շրջաններու հայ երիտասարդներուն հետ:

Ծրագիրին վերջին 3 օրը ֆորումի մասնակիցները կը գտնուէին Արցախ: Երիտասարդները նախ այցելեցին «Ղարաբաղ Կարպետ» ընկերութիւն, ծանօթացան արցախեան գորգերու պատմութեան, առիթ ունեցան գորգագործ կիներու հետ ծանօթանալու եւ անոնց հետ գորգ գործելու:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի մէջ տեղի ունեցած է ԱՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Պալայեանի հետ հանդիպումին Համազգայինի ֆորումի մասնակիցները ծանօթացան Արցախեան շարժման պատմութեան եւ կարելիութիւն ունեցան իրենց հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները ստանալ:

Ծրագրի ընթացքին «Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք-2019»-ի մասնակիցները  այցելեցին զօրամաս եւ Արցախի տեսարժան վայրեր: Զօրամասի զինուորները գեղարուեստական ծրագիր ներկայացուցին, որ կ’ընդգրկէր ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր:  ֆորումականները եւս մաս կազմեցին համերգին` երգելով ու պարելով զինուորներուն հետ:

Համազգայինի հաւաքի պատասխանատուները նշեցին, որ, ականատես ըլլալով երիտասարդներու ոգեւորութեան ու հայրենիքի մասին աւելի իմանալու ու տեսնելու ձգտումին,   անգամ մը եւս կը համոզուին, որ ծրագրի հիմնական առաքելութիւնը իր նպատակին հասած է: