Ոչ պաշտօնական այցելութեամբ Բրիտանիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հարցերու նորանշանակ պետական նախարար Քրիսթոֆըր Փինչըրի հետ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է նախարարը պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ համոզում յայտնած, որ անոր պաշտօնավարման ընթացքին Հայաստանի ու Բրիտանիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի խորանայ եւ ամրապնդուի:

Նախարար Քրիսթոֆըր Փինչըր, իր կարգին, ուրախութեամբ նշած է, որ նախագահ Սարգսեան օտարերկրեայ պետութեան առաջին նախագահն է, որուն հետ ան առիթ կ՛ունենայ հանդիպելու, պաշտօնը ստանձնելէ ետք` ընդգծելով, որ Հայաստանը արժէքաւոր եւ կարեւոր գործընկեր է իր երկրին համար:

Զրուցակիցները ոչ պաշտօնական միջավայրի մէջ քննարկած են Հայաստան-Բրիտանիա երկկողմանի օրակարգի, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր: