Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հայաստան  ժամանած է Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը  կազմեն Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի եւ Քոլորատոյի նահանգային Սենատի անդամներ, ամերիկացի գործիչներ եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Արեւմտեան ափի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ:

Այցելութեան առաջին օրը հանդիպումներ տեղի ունեցած են  վարչապետի պարտականութիւնները կատարող Տիգրան Աւինեանի, արտաքին գործոց նախարարի, խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ: Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան եւ Երեւանի քոնեակի գործարան: