Չորեքշաբթի, 31 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի եւ թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, այցելեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետին՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին:
Բեթէլ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին լուսարձակի տակ առնուեցաւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը։ Իրողութիւն մը, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ունեցած է առանցքային դեր: Վերապատուելին բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ազգանուէր երթին, դիտել տալով, որ Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն պահապանը եղած են: Վերապատուելին նաեւ ակնարկութիւն կատարեց ներկայ մարտահրաւէրներուն, որոնց դիմաց անպարտելի մնալը էական է՝ յոյսով ու աշխատանքով յառաջանալու:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ջերմ եւ սիրալիր դիմաւորութեան համար: Ան եղբայրական ոգիով գործելը քրիստոնէական հաւատքին գեղեցիկ մէկ արտայայտութիւնը համարեց: Սրբազան հայրը շեշտեց կանգուն հաւատքով եւ աննկուն կամքով զինուելու անհրաժեշտութիւնը, որոնց շնորհիւ հալէպահայը պիտի յաղթահարէ իր դիմաց ցցուող բազմապիսի դժուարութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտօնական մարմինները, որոնք օրհնաբեր առաքելութիւն մաղթեցին նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդին: