Իրանի Նախագահ Հասան Ռոհանի շեշտեց, որ տարածաշրջանի ամբողջական ապահովութիւնը կարելի կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ Օմանի ծովը, Արաբական Ծոցն ու Հերմէս նեղուցը նաւարկումի միջազգային ապահով ճամբայ կը դառնան:

Թեհրանի մէջ, Օմանի արտաքին գործոց նախարար Իւսէֆ պըն Ալէուիի ընդունելութեան ընթացքին Ռոհանի ըսաւ. «Եւրոպական ուժերուն ներկայութիւնը գլխաւոր պատճառն է լարուածութեան եւ տարածաշրջանի անկայունութեան: Տարածաշրջանի ներկայ դէպքերուն եւ լարուածութեան արմատները պէտք է որոնել ԱՄՆ-ի միջուկային համաձայնութենէն դուրս գալուն ու անոր նախապաշարումներուն մէջ», յայտնելով, որ Իրան ինչպէս անցեալին, այսօր ալ լարուածութիւն հրահրող պետութիւն չէ. ընդհակառակը՝ ան կը ձգտի տարածաշրջանը զարգացնել եւ ապահովութիւնը ամրապնդել:

Ռոհանի յայտնեց, որ Ճիպրալթար նեղուցին մէջ իրանեան քարիւղատար շոգենաւին արգելափակումը ապօրինի արարք է եւ որեւէ ձեւով բրիտանացիներուն պիտի չնպաստէ: Անոր համաձայն, Արաբական Ծոցի, Հերմէսի նեղուցի եւ Օմանի ծովի տարածաշրջանը անապահով պիտի դառնան նման ապօրինի արարքներու հետեւանքով: