Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Աթէֆ Նատտաֆ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Միասնակամ Ռուսիա Կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ: Պատուիրակութեան կը նախագահէր Տիմիթրի Պորիա:

Կողմերը զրուցեցին Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութիւնն ու առեւտրական փոխանակութիւնը զարգացնելու միջոցներուն մասին: Անոնք կարեւոր համարեցին երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան նոր հորիզոններ  բանալը, ինչ որ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդումին եւ տնտեսութեան աշխուժացումին:

Կողմերը քննարկեցին վարչական քատրեր նախապատրաստելու կարելիութիւնն ու վարչական աշխատանքը զարգացնելու միջոցները: