Չորեքշաբթի, 31 Յուլիս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Թրքական Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան միացեալ նախագահ Սազայի Թամալի դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի թշնամական քաղաքականութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի հանդէպ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնիլը, ինչ որ պատճառ հանդիսացաւ բազմաթիւ սուրիացիներու տեղահանութեան:

Թամալի կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ, որ Էրտողան ներկայիս Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովուն արեւելեան մասը գտնուող երկիրներուն մէջ պատերազմի շեփորներ կը հնչեցնէ:

Թուրքիոյ իրավիճակին անդրադառնալով, Թամալի յայտնեց, որ Թուրքիոյ բոլոր հարցերը կը լուծուին, եթէ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն տիրէ, այսինքն՝ եթէ բոլոր ձերբակալուած քաղաքական գործիչները, լրագրողներն ու ակադեմականները ազատ արձակուին, անոնց կողքին Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան 5000 անդամները, որոնք մինչեւ այսօր ձերբակալուած կը մնան: