«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ճատրակի տղամարդոց խումբի առաջատար Լեւոն Արոնեան կրկին ՖԻՏԷ-ի (Ճատրակի Միջազգային Ֆետերասիոն)10 լաւագոյն ճատրակ խաղցողներու շարքին է:
ՖԻՏԷ-ի դասակարգման նոր աղիւսակին մէջ Արոնեան կրկին լաւագոյն 10-էն հանդիսացած է, գրաւելով 8-րդ կարգը: Նախորդ ամիս Արոնեան 14-րդն էր:
Դասակարգման աղիւսակի առաջատարն է աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսեն:
Հայաստանը ներկայացնողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան 46-րդն է, Հրանդ Մելքումեան` 87-րդը, իսկ Սերկէյ Մովսէսեան` 98-րդը: