«Արմէնփրէս».- Մարշալ հիմնադրամի աւագ հետազօտող Ճոնաթան Կացին տուած հարցազրոյցին մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Ան ըսած է, որ Հայաստան հետաքրքրուած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանումով եւ լարուածութեան նուազումին ուղղուած աշխատանքով:
«Մենք ունինք Ռուսաստանի, ԱՄՆի, Եւրոպական երկիրի` Ֆրանսայի գործակցութեան շատ լաւ օրինակ։ Անոնք որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներ միասին կը գործեն: Երկիրներ, որոնք միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ կրնան ունենալ տարակարծութիւններ, սակայն առանձնապէս մենք գործ ունինք շատ լաւ համակարգուած, խստօրէն համախմբուած համագործակցութեան հետ, որ շատ լաւ կ’աշխատի յանուն յստակ նպատակի` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: եթէ աւելի մանրամասնօրէն անդրադառնամ Հայաստանի դերակատարութեան, աւելցնեմ, որ մենք հետաքրքրուած ենք հետագայ կայունութեան պահպանման եւ լարուածութեան նուազեցումով: Հայաստան կրնայ նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան, երբ կայ կայունութեան կղզի, ինչպէս Հայաստանն է, որ ձեռնտու է բոլորին: Մենք կը փափաքինք նպաստել կայունութեան: Մենք կրնանք նպաստել անոր` առճակատումը մերժելու միջոցով` կեդրոնանալով այն ոլորտներուն վրայ, ուր շահերը կրնան միանալ` ի նպաստ կայունութեան: Մենք կրնանք ներդրում ունենալ », ըսած է Մնացականեան:
Նախարարին համաձայն, Հայաստան կրցած է դժուար մարտահրաւէրներուն արձագանգել՝ իր կարողութեան համապատասխան. կարելի է նոյնիսկ այս անհանդարտ ժամանակաշրջանին եւ առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ յարաբերութիւններ մշակել կարեւորագոյն գործընկերներու` Ռուսաստանի, Եւրոպայի Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան ոգիով` մէկ գործընկերոջ հետ յարաբերութիւնները չզարգացնելով երբեք միւսի հաշուին: