ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային Կոմիտէն Երեւանի քաղաքապետարանի մուտքին բողոքի ցոյց կատարեց՝ ներկայացնելու Երեւանի մէջ կուտակուած բազմաթիւ հարցեր եւ պահանջելու Երեւանի աւագանիէն եւ քաղաքապետէն՝ կատարել նախընտրական իրենց խոստումները եւ լուծել այդ հարցերը:
Ցուցարարները յայտեցին, որ կարելի էր աւելի շուտով վերացնել աղբերը եւ կանաչապատել Երեւանը: Անոնք դեղին քարտ ցոյց տուին քաղաքապետարանին:
Ըստ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Ռոստոմեանի, իրենք կ՛ուզեն քաղաքապետին յիշեցնել իր տուած խոստումները:
«Երեւանի քաղաքապետը իր խումբին հետ մեզի խոստացած էր Երեւանը կանաչապատել, աղբահանութեան, երթեւեկի եւ շարք մը այլ հարցեր լուծել: Մենք կը հասկնանք, որ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնավարման ժամանակը՝ 10 ամիսը, բաւական քիչ ժամանակ է, որպէսզի մենք վերջնական արդիւնքներ տեսնենք, սակայն որեւէ տեղաշարժ ալ չենք նկատեր: Անոր համար ալ որպէս նախազգուշացում՝ դեղին քարտ ցոյց տուինք քաղաքապետին, կը յիշեցնենք խոստումները ու լրջացման կոչ կ’ուղղենք: Կը տեսնէք, որ աղբահանութեան վիճակը օրէ օր կը վատանայ: Միւսը վերելակներու հարցն է. գոնէ մէկ վերելակի հարց լուծուած չէ, աւելին՝ 71 միլիոնով նուազած է վերելակներու վերանորոգման գումարը ու կը ներկայացնէին, որ այլ միջոցներով պէտք է փոխուին վերելակները», լրագրողներուն ըսաւ Ռոստոմեան:
Կանաչապատ տարածքներուն մասին խօսելով՝ Ռոստոմեան յայտնեց, որ Սարալանջի տարածքները կարծես հրդեհի բոյն ըլլան, իսկ ծառատունկ կը կազմակերպուի, որմէ ետք հոգատարութիւն ցոյց չի տրուիր ցանուածին:
«Եթէ այնտեղ ոռոգման համակարգ չէ կատարուած, ինչքան ալ ծառատունկ ըլլայ, միեւնոյնն է՝ ծառերը պիտի չորնան: Գետանցքերը. ինչպէս նախկինին անմխիթար վիճակի մէջ էին, այդպէս ալ մնացած են: Քանի որ վերոյիշեալ հարցերէն որեւէ մէկը չէ լուծուած, մենք առաջին դեղին քարտը ցոյց կու տանք քաղաքապետին՝ յոյս ունենալով, որ յառաջիկային հարցերուն լուծում կը տրուի: Խնդիրը մասնագիտական մօտեցումի բացակայութիւնն է, որպէսզի կարենանք ճիշդ կառավարել: Եթէ փափաք կ՛ունենան գործակցելու՝ պատրաստ ենք որոշ ծրագրեր ներկայացնել», աւելցուց Ռուստամեան: