Սուրիական զինուորական աղբիւր մը քիչ առաջ յայտնեց, որ այսօր երեկոյեան Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման շրջանին մէջ զինադադար յայտարարուեցաւ՝ լարուածութեան մեղմացման շրջանին առնչուող Սոչիի համաձայնութեան կէտերուն գործադրութեան պայմանով։

Աղբիւրը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ զինադադարը կը հաստատուի «պայմանաւ, որ գործադրուի Սոչիի համաձայնութիւնը, ըստ որուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, իրենց ծանր եւ միջին հրետանիներուն հետ, կը նահանջեն Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն 20 քլմ. խորութեամբ»։
Աւելցնենք, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման շրջանին մասին Սոչիի համաձայնութեան յայտարարութենէն ի վեր անընդհատ կը խախտեն համաձայնութիւնը՝ հրթիռակոծելով ապահով շրջաններն ու տեղւոյն սուրիական բանակին կեդրոնները։ Յիշեալ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով նախորդ ամիսներուն ընթացքին տասնեակ քաղաքայիններ զոհուեցան, վիրաւորուեցան, մեծաւ մասամբ կիներ եւ մանուկներ, վնասուեցան բնակարաններ, պետական ենթակառոյցներ եւ ցանքեր։