Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան, Երկուշաբթի, 22 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Քեսապի Ազգ. Ուսումն. Միացեալ ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի 2018-2019-ի ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտ 11-րդ հունձքին՝ «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան» սերունդին աւարտական հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:
Հանդէսին ներկայ էին գիւղիս երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւները, գիւղապետը, ազգային իշխանութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հանդիսատեսներու հոծ բազմութիւն:
Հանդէսը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու սուրիական բանակի նահատակներուն եւ քաղաքային անմեղ զոհերուն յիշատակը։
Բացման խօսք արտասանեց ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ Մեղեդի Պետրճիքեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները յայտնեց, թէ այս տարի Յովհաննէս Թումանեանի, Լեւոն Շանթի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակն է,  նաեւ 95-ամեակն է 1924-ին հիմնուած Միացեալ վարժարանին: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը, յիշուած երեք մեծ հայերուն յատկացուած յայտագիրով, կը նուիրուի տեսիլք ունեցող այս վարժարանի հիմնադիրներուն, անոր բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ պատմութեան անցած հին սերունդներուն յիշատակին:
Արաբերէնով բացման խօսք արտասանեց ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ Անդօ Ճորճ Փանոսեան: Ան ուժ եւ կորով մաղթեց վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, ինչպէս նաեւ յարգանք ու պատիւ յայտնեց սուրիական բանակին:
Գեղարուեստական յայտագիրը կþընդգրկէր ասմունք՝ ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ Շողակ Ղազարեան, Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ» բանաստեղծութիւնը, արաբերէն խօսք՝ ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ Մարի Փանոսեան, թատերական ներկայացումներ՝ Թ. եւ ԺԲ. կարգերու աշակերտութեան կողմէ, նուիրուած երեք մեծերուն ծննդեան 150-ամեակին:
Այնուհետեւ ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան ներկայացուց 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ պարգեւատրեց հայերէն լեզուի առաջնակարգ աշակերտները:
Հանդիսատեսի ուրախութեան ծափողջոյններով բեմ բարձրացան Թ. կարգի ինն եւ ԺԲ. կարգի ութը շրջանաւարտները:
Շրջանաւարտներուն փափաքով, բեմին վրայ տեղի ունեցաւ վերջին զանգը։ Զանգը հնչեցուց եւ իր սրտի խօսքը ուղղեց հայերէնի դասատու դոկտ. Շողեր Աշըգեան, շըրջանաւարտներուն մաղթելով ուսումնական կեանքին մէջ յաջողութիւն եւ փայլուն ապագայ:
Ապա ԺԲ. կարգը Ճեմարանի խորհրդանիշ դրօշը եւ լոյս գիտութեան ու հայեցի կրթութեան անմահ կանթեղը փոխանցեց ԺԱ. կարգին։ Վկայականներու տուչութեան համար բեմ հրաւիրուեցան գիւղի հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հուսկ բանք արտասանեց ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ Սերժ Տէմիրճեան, որմէ ետք Շիրազ Աթիքեան ընթերցեց աշակերտական խոստումը եւ շրջանաւարտները կրկնեցին զայն՝ խոստանալով արժանի ըլլալ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի աւանդին, հաւատարիմ մնալ ճեմարանի վեհ կոչումին եւ անկէ ստացած հայեցի կրթութեան, խոստացան սիրել գիտելիք եւ գիտութիւն, լեզու եւ մշակոյթ, ազգ եւ հայրենիք:
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ շրջանաւարտներուն կողմէ Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութեամբ, Տէր հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ բոլոր ներկաներուն «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ: Ապա ներկաները ուղղուեցան շրջափակ իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելու շրջանաւարտներուն։
Թղթակից