ՆՇՄԱՐ

Ամերիկեան ու միջազգային լրատու աղբիւրները քանի մը օրը անգամ մը իրարու հետ մրցումի կ’ելլեն, աշխարհին ‏‏‏‏«աւետելու» այն պատուհասները, որոնց կ’ենթարկուին իրենց երկիրներէն ԿԱՄՈՎԻՆ հեռացող գաղթականներ։

Ուրբաթ, 26 Յուլիսին, Միջերկրականի մէջ պատահած ծանրագոյն աղէտի մը արձագանգեցին տարբեր ցամաքամասերու լրատու աղբիւրներ. դէպքը  եղաւ մարդկութեան հորիզոնը մթագնող ու կարմիր ներկող նորագոյն գոյժը։ Ափրիկէցի շուրջ 150 գաղթականներ խեղդամահ եղած են, փոքրաթիւ ուրիշներ փրկուած են ու պատմած՝ իրենց ոդիսականը։ Անդին, բազմագոյն ողբերգական դէպքեր կը ներկայացուին լատին ամերիկեան երկիրներէ դէպի Միացեալ Նահանգներ խուժողներու, Կուաթեմալայէն դէպի Մեքսիքա, կամ անկէ Միացեալ Նահանգներ անցնիլ փորձողներու մասին. ականատես կ’ըլլանք թէ ինչպէս ոմանք գետերու մէջ ջրամոյն կ’ըլլան, ուրիշներ տաժանքի կը մատնուին ամերիկեան սահմանագլուխի գաղթակայաններու մէջ, հերթական մահեր կ’արձանագրուին։ Այս բոլորը լուսանցքի վրայ կը ձգեն մասնաւորապէս ասիացի ու միջին արեւելքցի այն գաղթականները, որոնք հարկադրաբար իրենց տունէն-տեղէն հեռացան վերջին տասնամեակներուն, հալածուած՝ իրենց երկիրները փոթորկող մարդակերտ աղէտներէն, որոնք յորջորջուեցան «քաղաքացիական պատերազմ» անունով, եւ գացին «ողողելու» եւրոպական երկիրներ։

Լրատուութեան կ’ընկերանան մեղադրական ու մեկնաբանական շիլ բացատրականներ։ Կը մեղադրուին գաղթականներ չընդունող-վանող երկիրները, նաեւ ՄԱԿ-ի այն ենթաբաժանումները, որոնք բաւարար աջակցութիւն չեն տրամադրեր գաղթականներուն։ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներն ալ չքմեղանքի կը դիմեն, յայտնելով, որ այսօր, աշխարհի տարածքին գաղթականներու թիւը անցած  է 70 միլիոնը…։ (Թող մասնագէտ հաշուապահներ մեզի ըսեն, թէ ՕՐԱԿԱՆ որքա՞ն գումարի կը կարօտին ՄԱԿ-ն ու մարդասիրական այլ միաւորներ, եթէ, ըսենք՝ իւրաքանչիւր գաղթականի նուազագոյն կարիքները հոգալու համար պէտք է ծախսել գոնէ 5 տոլար, եւ թէ՝ ի վերջոյ ուրկէ՛ կը գոյանան նման գումարներ. «կողմնակիօրէն» կարելի է նաեւ հաշուել, թէ նման կացութենէ շահ ապահովողներու՝ չարաշահներու գանձանակները որքա՞ն կ’ուռին)։

Ոչ ոք կը խօսի թէ բազմատասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ ինչո՞ւ տուն-տեղ ձգած՝ վերցուցած են գաղթականի ցուպն ու մախաղը եւ մատնուած՝ հայրենալքումի. լաւագոյն պարագային՝ յանդուգն լրագրողներ մակերեսային ակնարկութիւններ կ’ընեն այն մարդակերտ տաժանքներուն, որոնք ստեղծուած են տարբեր ցամաքամասերու վրայ, հարկադրելով պատմութեան մէջ նախընթաց չունեցող նման հոսանքներ։ Իսկ թէ արդեօք աշխարհամարտերու օրերուն նման ալիքներ ստեղծուա՞ծ են՝ այդ ալ ձգենք պատմաբաններուն։ Իրականութիւնը այն է, որ հզօր պետութիւններու վարչամեքենաները իրենց կամակատարներուն վերածած ու սահման չճանչցող՝ շահամոլ «կայսրութիւններ», մինչեւ իսկ օրէնքներու մշակման ճամբով, գտած են նման վիճակներ յառաջացնելու եւ զանոնք առաւելագոյն չափով շահագործելու ձեւերը, մերթ՝ ժողովրդավարութիւն պաշտպանելու-տարածելու, երբեմն ալ թերաճները քաղաքակրթելու յոխորտանքներով։

Ու բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, իրենց պետական վարիչները ժողովրդավարական ճամբաներով ընտրած զանգուածները այս ողբերգութիւնները կը դիտեն այն հոգեվիճակով, որ պիտի ունենային ողբերգական կամ աղէտի մասին ժապաւէններ դիտողներ, վստահ ըլլալով, որ պաստառին վրայ երեւցող դերասանը իսկապէս չի մեռնիր, մինչեւ իսկ եթէ ան «չարի տիպար» մարմնաւորող է, ու պիտի երեւի այլ ժապաւէնի մը մէջ, կամ… մրցանակաբաշխութիւններու պահուն, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ այն օրը, երբ անոր անուան շուրջ հիւսուի իրական կամ շինծու գայթակղութիւն մը։

Ս. Մահսերէճեան