Մհերի Դուռը

Վանայ լիճին մօտակայքը, բարձրունքի մը վրայ կը գտնուի քարէ դուռ մը։ Ան մինչեւ օրս կանգուն կը մնայ՝ իր վրայի առեղծուածային փորագրութիւններով, որոնց գաղտնիքը բացայայտուած է այսօրուան հնագէտին, սակայն անոր գերբնական տեսքը տակաւին կը յուշէ հին դարերէն եկած խորհուրդ մը։ Փորագրութիւնը հին ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւն մըն է, աստուածներու անուանացանկ մը՝ իւրաքանչիւր անունին առջեւ յիշելով, թէ ո՛ր տեսակի անասուններէն քանի՛ զոհ պէտք է մատուցել։ Դուռը պարզապէս ժայռին վրայ փորագրուած քանդակ մըն է, որ իսկական դուռ ալ չէ, չի բացուիր եւ ոչ մէկ տեղ կը տանի։ Այսպիսի դռներ գտնուած են աշխարհի չորս կողմը զանազան հնագիտական վայրերու, հնագոյնները՝ Եգիպտոսի մէջ։ Անոնք օգտագործուած են ծիսական նպատակներու համար, որպէս Անդենական տանող դռներ։ Վանայ լիճին մօտակայքը գտնուող ուրարտական «դուռ»ը ժամանակի ընթացքին առած է տարբեր իմաստ եւ կոչուած «Մհերի Դուռ», վերագրուած է «Սասնայ Ծռեր» աւանդավէպի վերջին ճիւղի հերոսին՝ Փոքր Մհերին։

Փոքր Մհերը «Սասնայ Ծռեր»ուն ամէնէն ողբերգական հերոսն է։ Ան ձեռքը բռունցք ըրած կը ծնի եւ ոչ ոք, բացի իր հուժկու հօրմէն՝ Սասունցի Դաւիթէն, կրնայ բանալ նորածինին ափը, որուն մէջ Դաւիթ կը գտնէ արիւն, ինչ որ կը գուշակէ անոր ողբերգական աւարտը։ Ամբողջ մանկութեան ու պատանութեան շրջանին Մհեր կը մեծնայ հօր բացակայութեան, այն աստիճան, որ շրջապատի երեխաները զինք կը ծաղրեն ամբաստանելով, թէ Մհեր ապօրինի զաւակ է եւ այդ պատճառով հայր չունի։ Ի վերջոյ պատանի Մհեր կ’որոշէ ճամբորդել հայրը գտնելու համար։ Ճամբան հայր ու զաւակ իրարու կը հանդիպին, սակայն չեն ճանչնար զիրար եւ գօտեմարտի կը բռնուին։ Դաւիթ, որ արդէն ծերացած էր եւ իր երդմնադրժութենէն տկարացած, իր հարազատ զաւկին ձեռքով պարտութեան կը մատնուի։ Թեւի բազպանտէն ճանչնալով Մհերը, Դաւիթ կ’անիծէ իր զաւակը.

 

 

« Մհե՛ր, որ դու հետ ինծի կռիւ արիր,      Մհե՛ր, քանի որ ինծի հետ կռիւ ըրիր,

 Ինծի ամանչեցրիր,                                        Զիս ամչցուցիր,

Կանչեր եմ քաղցրիկ Աստուած,                  Կանչեմ ես քաղցր Աստուած

Անմահ ըլնիս, անժառանգ                            Անմահ ըլլաս եւ անժառանգ»։

 

 

Մհերին ամբողջ կեանքը պայքար մը կ’ըլլայ անարդարութեան դէմ, սակայն ապարդիւն պայքար մը, որովհետեւ հօր անէծքը կրողը չի կրնար փախչիլ ճակատագիրէն։ Ան կ’ամուսնանայ, սակայն անզաւակ կը մնայ. բազմաթիւ հերոսութիւններ կը կատարէ, սակայն չի գնահատուիր իր շրջապատէն։ Ի վերջոյ անէծքը կ’իրականանայ, Մհերին ոտքերը այնքան կը ծանրանան, որ չի կրնար հողի վրայ քալել ու հրեղէն ձին առած կը քաշուի քարայրի մը մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ օրս։

Աւանդավէպին ողբերգական այս աւարտը, բնական է զանազան մակարդակներու վրայ։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, «Սասնայ Ծռեր»ը հիմնուած է իսկական պատմական դէպքի մը՝ արաբական իշխանութեան դէմ Թ. դարու հայոց ապստամբութեան վրայ, որ աւարտեցաւ հայկական կողմին պարտութեամբ։ Սակայն այս բաւարար բացատրութիւն չէ, նկատի առնելով, որ հայկական առասպելներուն մէջ կայ Մհերէն աւելի հին հերոս մը, որ արժանացած է նոյն ճակատագիրին, երբ հայութիւնը կ’ապրէր քաղաքական բարօրութեան գագաթնակէտը՝ Արտաշէսեան հարստութեան շրջանին։ Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Արտաշէս Աշխարհակալի որդիին՝ Արտաւազդ Ա. թագաւորին։

Արտաշէս արքան երբ կը վախճանի, ամբողջ երկիրին մէջ մեծ սուգ կը պատէ։ Ըստ երեւոյթին, այդ ժամանակաշրջանի հայութեան մէջ տարածուած էր մեռնողին հետ մարդկային զոհաբերութիւններ կատարելը, ինչպէս բազմաթիւ հին ազգերու մօտ։ Մանաւանդ բարձրաստիճան ու ազնուազարմ մեռելին հետ կը թաղէին անոր կիները, ծառաները, շարժական գոյքերը, նոյնիսկ՝ երիվարը։ Արտաւազդ, երբ կը դիտէ հօր հետ թաղուածներուն քանակը ափսոսանքով կ’արտայայտուի, թէ հօր մահէն ետք արդեօք ինք աւերակներու վրա՞յ պիտի թագաւորէ։ Այս յանդուգն արտայայտութեան պատճառով, կ’ըսուի, թէ Արտաշէս գերեզմանին մէջէն կ’անիծէ Արտաւազդը.

 

 

«Եթէ դու յորս հեծցիս           Երբ դուն ձի հեծնես, որսի երթաս,

յԱզատն ի վեր ի Մասիս,      Ազատն ի վեր, ի Մասիս,

Զքեզ կալցին քաջք,               Քաջքերը քեզ կալանեն՝

Տարցին յԱզատն ի վեր ի Մասիս,   Տանին Ազատն ի վեր, ի Մասիս,

Անդ կայցես, եւ զլոյս մի տեսցես։    Այնտեղ մնաս եւ լոյս չտեսնես»:

 

 

Արտաւազդ երկար ատեն կը խուսափի Մասիս լերան մօտակայքը երթալէ, սակայն ճակատագիրէն ու անէծքէն, յատկապէս հօ՛ր անէծքէն փախուստ չկայ։ Եւ ահա, օր մըն ալ Արտաւազդ, երբ որսի կ’երթայ Արարատ լեռ, հոն լերան չարքերը զինք կը կալանեն։ Ըստ աւանդութեան, մինչեւ օրս Արատաւազդ շղթայուած կը պահուի Մեծ Մասիսի անդունդներուն մէջ, իր երկու պահապան շուներով, որոնք կը փորձեն շղթաները լիզելով մաշեցնել ու ազատ արձակել հայոց թագաւորը։

Որքան նմանութիւններ կան Փոքր Մհերին եւ Արտաւազդ թագաւորին միջեւ։ Երկուքն ալ հայրական անէծքով անմահացած են, երկուքն ալ երկրի ընդերքը բանտարկուած են եւ երկուքին ալ վերադարձը կը սպասենք մինչեւ այսօր։ Առասպելական բոլոր խորհրդանիշներուն պէս, երկուքն ալ երկբնոյթ են, այսինքն կարգ մը պատումներու համաձայն, եթէ Մհերը կամ Արտաւազդը դուրս գայ, աշխարհը պիտի քանդէ, իսկ այլ պատումներու մէջ այս հերոսները դուրս պիտի գան աշխարհի վրայ հաստատելու օրէնք, կարգ ու կանոն։ Այլ նմանութիւն մըն ալ Մհերին եւ Արտաւազդին միջեւ, ապօրինի զաւակ ըլլալու կասկածն է։ Արտաւազդի ծնողներուն՝ Արտաշէսին ու Սաթենիկին պատմութիւնը յայտնի է բոլորին։ Ըստ կարգ մը առասպելներու, Սաթենիկ, վրէժ լուծելու համար իր ամուսինին զինք բռնի փախցնելու արարքէն, կը յարաբերի վիշապներու հետ եւ այդ յարաբերութենէն կը ծնի Արտաւազդը։ Այդպէս ալ կը բացատրուի Արտաւազդին չար բնոյթը եւ զայն կալանաւորուած պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Աւելին՝ իր ծագումնաբանութեան մասին տարաձայնութիւնները կասեցնելու համար, Արտաւազդ կը յարձակի վիշապներու ցեղին վրայ եւ մեծ պարտութեան կը մատնէ զանոնք։

Այսպէս, Փոքր Մհերին եւ Արտաւազդին պատմութիւնները կրնանք ամփոփել հետեւեալ ձեւով։ Հերոսը մանուկ հասակէն մեծցած է հօր վերաբերող բարդոյթով, անոր շրջապատը համոզուած է, որ ինք ապօրինի զաւակ է։ Այս տարաձայնութիւնները կասեցնելու համար պատանին կը դիմէ, իր կարծիքով, հերոսական արարքի մը, որ պիտի փարատէ իր անձին շուրջ ամէն կասկած, սակայն չկարենալով իրականացնել իր առաքելութիւնը, ոչ միայն պիտի պարտուի, այլ նաեւ պիտի արժանանայ հօր անէծքին, որ անէծքներուն մէջէն ամէնէն սարսափելին է։ Երկար ատեն հերոսը կը խուսափի անկէ, կը կատարէ բազմաթիւ հերոսութիւններ, բայց ի վերջոյ չի կրնար փախուստ տալ եւ անէծքը կ’իրականանայ։ Հօր վերաբերող բարդոյթներուն մասին  հետաքրքրական պատում մըն է այս, որ նաեւ իր մէջ կը կրէ ազդարարութիւններ այն պատանիներուն, որոնք անհաշտ յարաբերութիւն կ’ունենան իրենց հայրերուն հետ, նաեւ հայրերուն, որոնք իրենց տղաները կ’անտեսեն մանուկ հասակին, իսկ պատանի տարիքին անոնց հետ կը մտնեն բախումնային վիճակի։ Երկու կողմերուն ալ համար այս պատմութիւնը ունի միայն տխուր եւ անլուծելի աւարտ։ Փոքր Մհերին ամբողջ կեանքը պայքար մըն է անարդարութեան դէմ, սակայն ի՞նչ բոյթ, երբ ան ապրած է անարդարութիւններուն ամենամեծը՝ ծնողական անարդարութիւնը։ Ի վերջոյ մարդ ընկերային յարաբերութիւնները եւ արժէքները կ’ընկալէ իր դաստիարակութեան համեմատ։ Սիրոյ, արդարութեան ու այլ առաքինութիւններու պատկերը նախ պէտք է տեսնել ընտանեկան յարկին տակ, իսկ երբ ընտանիքը քայքայուած է, հայրը՝ բացակայ, մայրը՝ խեղճացած, ուրեմն այլեւայլ բարդոյթներ բոյն պիտի դնեն պատանիին հոգիին մէջ ու ի վերջոյ պատճառ դառնան անոր չէզոքացումին, որպէս գործուն անդամ ընկերութենէն ներս։

Միւս կողմէն Փոքր Մհերն ու Արտաւազդը, կը ներկայացնեն մեր հաւաքական եսին կարեւոր կողմերէն մին։ Կարելի է ըսել, որ հայութեան հերոսական ոգին ալ, պատմական ընթացքին բերումով, անոնց պէս կալանաւորուած է եւ պիտի գայ անոր վերադարձի օրը։ Անոնք կը ներկայացնեն խորհրդանիշ մը, որ բազմիցս գործածուած է մեր արուեստին ու գրականութեան մէջ, յատկապէս Զարթօնքէն ետք։

Այո, գրեթէ բոլոր ազգերը ունին իրենց բանտարկուած հերոսին պատմութիւնը, ան որ ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնայ, որպէսզի կա՛մ քանդէ աշխարհը, կա՛մ արդարութիւն հաստատէ։ Բայց ի՞նչ բոյթ այս բոլորը։ Երբ կը նայիմ Մհերի Դրան, չեմ ուզեր մտածել, թէ անոր նման քանի՛ դուռ կայ աշխարհիս չորս կողմը, թէ անոնք ծիսական ինչ-ինչ գործածութիւններ ունեցած են, թէ անոր վրայի գրութիւնը սեպագիր ուրարտական լեզուով է։ Երբ նայիմ Մեծ Մասիսին, յատկապէս անոր կողի Մասեաց Վիհին, չեմ ուզեր մտածել, թէ հրաբխային ինչպիսի՛ ժայքթումներ կրնան պատճառել այդպիսի փառահեղ վիհ մը։ Նոյնիսկ չեմ մտածեր, թէ որքան անհաւատալի կամ խորհրդանշական են այս բոլորը։ Այլ կ’ուզեմ հաւատալ, որ Մասիս լերան մէջ ու Վանայ լիճին քով, մեր ազգային ամէնէն հարազատ խորհրդանիշներուն ընդերքը, պահուած են հայ հերոս մը ու թագաւոր մը։ Անոնք հոն են, որպէս պահապաններ մեր զաւթուած իրաւունքներուն, անոնք պիտի պահեն մեր բռնագրաւեալ հայրենիքին սրբութիւնը, մինչեւ…

Պատեհութիւնը ունեցած եմ գտնուելու Արարատ լերան հետ դէմ յանդիման ու շշնջալու. «Սպասէ՛, տէ՛ր արքայ… պիտի գանք ու մե՛նք քակենք շղթաներդ»…

Յուշիկ Ղազարեան