«Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թիւ­նը կա­պի մէջ ըլլալով ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի լրագ­րող ­Լիա­նա ­Մա­նու­կեա­նի հետ, տե­ղե­կա­ցաւ թէ, ­Կի­րա­կի՝ 9 ­Յու­նիս 2019էն սկսեալ, այլ լե­զու­նե­րու շար­քին, պե­տա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի կայ­քէ­ջէն, ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հետ առն­չո­ւած յու­նա­րէնով լու­րե­րու հա­ղոր­դում­ներ կը կա­տա­րո­ւին, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնք կը ներ­կա­յա­ցո­ւին կայ­քէ­ջին վրայ։ ­Լիա­նա ­Մա­նու­կեան կը կա­տա­րէ լու­րե­րու թարգ­մա­նու­թիւ­նը, ա­պա նաեւ կը կա­տա­րէ յու­նա­րէնով հա­ղոր­դում­նե­րը։ ­Պե­տա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի https://el.armradio.am կայ­քէ­ջէն կա­րե­լի է օ­րո­ւան հա­ղոր­դում­նե­րը լսել ա­մէն օր, ինչ­պէս նաեւ կար­դալ օ­րո­ւան լու­րե­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով։ ­­Յայ­տագ­իրի հա­ղոր­դա­վա­րը յայտ­նեց թէ, կայ­քէ­ջը վե­րա­նո­րո­գո­ւած է, այ­ցե­լու­նե­րուն ա­ւե­լի մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հա­մար լու­րե­րու ըն­թեր­ցու­մը եւ սփռու­մը։ Այ­ցե­լո­ղը հոն կը գտնէ ճոխ բովանդակութեամբ եւ նկար­նե­րով յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան լու­րեր։