Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 1 Օգոստոսին Աւստրալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Սիտնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Արցախի եւ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ կապերու ամրապնդման մասին` հաշուի առնելով որ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանը 2012 թ. ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջ մղման գործին մէջ հայկական սփիւռքի դերի բարձրացման առնչուող հարցեր: Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ այդ բնագաւառին մէջ առկայ մարտահրաւէրները:
Իր կարգին Կլատիս Պէրէճիքլեան պատմած է վերջերս Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներու մասին:
Մասիս Մայիլեան ըսած է, որ Արցախի մէջ բարձրօրէն կը գնահատեն Կլատիս ՊէՐէճիքլեանի` համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող գործունէութիւնը, եւ հրաւիրած է զայն Արցախ:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Աւստրալիոյ Նոր հարաւային Ուէյլզ նահանգի Oրէնսդիր ժողովի խօսնակ Ճօնաթան Օտէան (Jonathan ODea) եւ Օրէնսդիր Խորհուրդի նախագահ Ճօն Աճաքան (John Ajaka), ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Քայսերեան: