ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի մէջ հոգեհանգիստի արարողութիւն եւ մոմավառութիւն կազմակերպած էր` Ապրիլեան պատերազմի նահատակներու շիրմաքարերուն պղծումէն յետոյ: ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Արգիշտի Գէորգեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նահատակներու հարզատներն ու ընկերները եկած եւ մաքրած էին գերեզմանաքարերը:
Դաշնակցական երիտասարդները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան` անհրաժեշտութեան պարագային շուրջօրեայ հերթափոխութիւն կատարել Եռաբլուրի տարածքին:
Յիշեցնենք, որ համացանցի մէջ յայտնուած էր տեսանիւթ, որուն մէջ կ’երեւէր, թէ ինչպէս անյայտ անձինք պղծած են Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի ապրիլեան պատերազմի նահատակնրու շիրիմները: Դէպքի հանգամանքները կը քննուին: Փաստացի նիւթեր կը նախապատրաստուին: