Չորեքշաբթի, 31 Յուլիսի առաւօտ, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքէն Հալէպ այցելող զբօսաշրջիկներու խումբ մը հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ, այնուհետեւ սրբազան հօր եւ Տէր Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի ընկերակցութեամբ խումբը այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի։
Արժանաժատիւ Տէր Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան այցելուներուն տեղեկութիւններ տուաւ աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ, հայ համայնքի կեանքին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան, պատերազմի տարիներուն եկեղեցւոյ հրթիռակոծման, այնուհետեւ վերանորոգութեան եւ վերօծման մասին։

Այցելուները շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ եւ ծանօթացան բոլոր բաժիններուն, այնուհետեւ սրբազան հօր հետ յիշատակի լուսանկար մը ունեցան եւ իրենց տպաւորութիւնները յայտնեցին։