«Ապառաժ».- 2 Օգոստոսին ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի եւ Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու համատեղ ջանքերով Ասկերան քաղաքի մէջ 22 Յուլիսէն սկսեալ պատանեկան ճամբարը աւարտեցաւ: ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արցախ ժամանած 18 երիտասարդներ ճամբարի աւարտէն վերջ այցելեցին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին երիտասարդները արտայայտուեցան ճամբարի եւ Արցախի մասին տպաւորութիւններով, քննարկեցին յառաջիկայ շարք մը ծրագրեր` պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցիլ ազգային եւ հայրենասիրական բնոյթի ձեռնարկներու իրագործման: