(Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Երկրորդականի Հանդէսին Արտասանուած Ուղերձ)

Այսօր ցնծութեան, երազանքի եւ հպարտութեան օր է, շրջանաւարտ պիտի ըլլանք մեր սիրելի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն: Անշուշտ , հոս հասնելու եւ այս պահուան վայելքը ապրելու համար ժրաջան աշխատեցանք.  պէտք էր: Ճեմարան եկանք յոյսերով , քալեցինք հաւատքով եւ աշխատեցանք սիրով:

Թէեւ պայմաններու բերումով մեր առաջին քայլերը առինք այլ շէնքի մէջ, սակայն ճեմարանը ոգի է , մղիչ ուժ, իր անձնակազմով  յատուկ կնիք  կը դրոշմէ նոր սերունդներու հոգիներուն վրայ: Ան ոչ միայն կը մատուցէ գիտութիւն, այլ նաեւ կը նպաստէ սերունդի ազգային գիտակցութեան դրսեւորման , մարդակերտման եւ հոգեկան բարձրացման:

Լ. Շանթ կ’ըսէ.«Մարդ իր լի արժէքը ստանալու համար պէտք է ըլլայ իր ժամանակի մարդը՝ իր ատենուան գիտական բարձրութեան վրայ կեցած»:

Բիւր շնորհակալութիւն մեր սիրելի ուսուցչական կազմին, դաստիարակներուն եւ տնօրէնութեան, որոնք անսպառ նուիրումով ու լայնախոհ ներողամտութեամբ միշտ պատրաստ են օգնելու մեզի, նոյնիսկ մեր ծնողներուն հետ ուղեկից դարձան մինչեւ պետական քննութեան վարժարանները եւ գուրգուրոտ խրատներով միշտ քաջալերեցին մեզ:

Իսկ ձեզի, սիրելի՛ ծնողներ , թէ՛ շնորհակալութիւն,  թէ՛ շնորհաւորութիւն: Այժմ յուզումնախառն պահեր կ’ապրինք բոլորս: Մեր դպրոցական բոլոր հանգրուաններուն ձեր ջերմութիւնը եւ անսպառ սէրը ողողեցին մեզ: Ո՛չ ուժ , ո՛չ հանգիստ, ոչ մէկ զոհողութիւն  խնայեցիք մեզի համար: Դուք գիշերներ լուսցուցիք մեր հանգիստը ապահովելու համար, ցերեկները անդուլ աշխատեցաք  կեանքի լաւագոյն պայմանները ապահովելու համար: Ձեր զոհողութիւններուն եւ նուիրումին դիմաց այսօր մենք կը խոնարհինք:

Սիրելի՛ ծնողներ, ձեր եւ Ճեմարանին նպատակն է պատրաստել եւ հանրութեան ծառայութեան յանձնել գիտակից սերունդներ: Սերունդներ, որոնց պիտի վստահուի հայ ազգի հոգեւոր եւ նիւթական արժէքներու պահպանման ու զարգացման աշխատանքը: Այս սերունդները պիտի փոխանցեն ջահը եւ հայ ազգի պատմութեան փառահեղ էջերու թիւը աւելցնեն: Այս սրբազան գործը սփիւռքի մայր գաղութ Հալէպի մէջ վստահուած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Ճեմարանը գերազանցօրէն կ’իրականցնէ այս առաքելութիւնը:

Գեղեցիկ են զգացումները, հրապուրիչ են իտէալները, կը մաղթեմ, որ անցնինք խօսքէն անդին եւ դառնանք անվերապահ գործակիցները Ճեմարանի առաքելութեան: Թող Ճեմարանը անսասան մնայ եւ միշտ նոր շունչով ծաղկեցնէ մեր ազգային եւ մտաւորական անդաստանը:

Մենք՝ շրջանաւարտներս, պայծառ ճակատներով, լուսավառ աչքերով կը նայինք գալիքին, ապագային եւ կը խոստանանք ,  ուր որ ալ գտնուինք, միշտ Ճեմարանը մեր հոգիին մէջ պիտի ապրի եւ պիտի շարժինք ու գործենք Ճեմարանի դաստիարակութեան թելադրանքներով, անոր հայակերտ մթնոլորտի ներշնչումով:

Փա՛ռք քեզ, Ճեմարան:

Կիթառ Աւընեան