Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի առաւօտ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Կրօնական եւ Վարչութեան ժողովներու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ հրկիզուած եկեղեցին:
Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ ընտանիքին անդամները, որոնք եկած էին անգամ մը եւս իրենց անվերապահ սէրն ու կապուածութիւնը արտայայտելու գողգոթացեալ եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Հակառակ իր կրած ահաւոր վնասներուն եւ պատերազմին կործանարար հետեւանքներուն, Ս.Գէորգ հրկիզուած եկեղեցին կը կանգնի յաղթ եւ խորհրդաւոր, հալէպահայը մղելով վերանորոգ թափով եւ վերապրելու կամքով զինուելու, որպէսզի հայու հաւատքին վկայութիւնը ըլլայ ազդու եւ հոգեխօս:
Խորազգաց յուզումը վերածուած էր դիմադրողականութեան ուժի եւ պայքարունակ ոգիի: Սուգի փոխարէն այլեւս յուսահատութիւնը թօթափելու վճռորոշ դիրքորոշումն էր տիրականը:

Անթաղելի է հայուն հոգեւոր ջերմեռանդութիւնը: Այս անժխտելի իրականութիւնը պարզուեցաւ, երբ բոլորը իրենց սրտի խորերէն աղօթք վերառաքեցին Աստուծոյ, խնդրելով երկրէն ներս խաղաղութեան վերահաստատում:
Սրբազան հայրը լաւատեղեակ եղաւ եկեղեցւոյ պատմականին, ներքին կառոյցին եւ ընդհանուր իրավիճակին մասին, բացայայտ կերպով տեսնելով պատերազմին հետքերը մատնացոյց ընող վնասները:
Սրբազան հայրը շրջագայութեան ընթացքին մկրտարանի աւազանին մօտ մոմ մը (շատ հաւանաբար նախապատերազմեան օրերէն մնացած) առնելով վառեց զայն, ապա միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը:
Ներկաները մխիթարուած էին: Այցելութիւնը ուխտագնացութեան բնոյթ ստացած էր: Սրբապղծուած եկեղեցւոյ մէջ սրբաբոյր մթնոլորտ կար, շնորհիւ Տիրոջ օգնութեան եւ հնչող աղօթաշունչ մաղթանքներուն: Սրբազան հայրը խրախուսիչ խօսքերով թելադրեց լաւատեսութեամբ կառչած մնալ մեր նուրիական սրբութիւններուն, որոնք կը մարմնաւորուին Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցիով: Ապա դիտել տուաւ, որ հալէպահայ գաղութի պատմութեան մէջ անջնջելի դրոշմ ձգած է
Ս.Գէորգ եկեղեցին, որուն հովանիին ներքեւ գործած են բազմաթիւ հոգեւոր մշակներ եւ դպիրներ:
Ս.Գէորգ զօրավարի օրինակին հետեւելու օրհնաբեր առիթ հանդիսացաւ հոգեպարար այցելութիւնը: Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները յուսադրուած էին եկեղեցին վերաբանալու հրամայականով:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ միշտ բարին ակնկալել եւ ուխտապահ երթով զԱստուած փառաւորել թելադրեց:
“Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեա”:

Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան