Հինգշաբթի, 8 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ս. Յակոբ եկեղեցի իր անդրանիկ այցելութեամբ պիտի հանդիսապետէ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, այնուհետեւ իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարէ։

Ջրօրհնէքը տեղի պիտի ունենայ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նուիրած միւռոնաթափ աղաւնիով։

Հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Ջրօրհնէքի արարողութեան։