Արցախի կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ 5-էն 17 Օգոստոսին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերը: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 Օգոստոսին Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի հանրապետական մարզադաշտէն ներս, իսկ փակումը` 17 Օգոստոսին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ:

Համահայկական խաղերը մարզանքի միջոցով «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» եռամիասնութեան, համերաշխութեան գաղափարներու տարածումն է համայն հայութեան շրջանին մէջ:

Աշխարհասփիւռ հայերու մասնակցութեամբ այս կարեւոր նախաձեռնութեան սկսելէն առաջ, 5 Օգոստոսին, ժամը 19.00 տեղի պիտի ունենայ մեր ազգային միասնականութեանն ուղղուած համահայկական հանրահաւաք` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:

Աշխարհասփիւռ հայութեան մասնակցութիւնը այս կարեւոր նախաձեռնուեան անգամ մը եւս կը փաստէ համազգային գերակայութիւններու նկատմամբ մեր միասնական դիրքորոշումը յստակացնելու, մեր ուժերը համախմբելու եւ բռունցքուելու կարողութիւնը: