«Արմէնփրէս».-Պաքուի Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական կեդրոնի կառավարման խորհուրդի նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ կեդրոնին մէջ նախատեսուած է  հայագիտական հետազօտութիւններու բաժին բանալ:

«Մենք պէտք է համակողմանիօրէն ուսումնասիրենք Հայաստանի տնտեսութիւնը, պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ անոր վարած պետական քաղաքականութիւնը: Մենք նաեւ մտադիր ենք կեդրոնէն ներս հայոց լեզուի դասընթացքներ կատարել: Ատրպէյճանին մէջ քիչ են հայերէնին տիրապետող մասնագէտները»,- յայտնած  է ան:

Շաֆիեւ նաեւ դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած  շարք մը ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, նպատակ ունենալով հակամարտութեան իրողութիւնը համաշխարհային հանրութեան ու միջազգային փորձագէտներուն ներկայացնելը եւ անոնց հետ համագործակցութիւն հաստատել է: