«Երկիր».- Թրքական լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ երկրի դեպաններու 11-րդ համաժողովի ընթացքին անդրադարձած է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն: «Թուրքիան միշտ կ’աջակցի Ատրպէյճանին այլազան ոլորտներու մէջ, նոյնիսկ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թուրք նախարարը իր ելոյթին մէջ Ատրպէյճանը անուանած է «եղբայրական երկիր»: