«Ալիք».- «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Իսլամ խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան յայտնած է, որ միայն ուժի դիրքերէն պէտք է խօսիլ ԱՄՆ-ի հետ, քանի որ փորձը ցոյց տուած է, որ միայն այդպէս կարելի է զսպել այդ երկրի իշխանութիւնները: Պատգամաւորը ըսած է. «Մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարին դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը կը վկայէ Թրամփի եւ ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն դիւանագիտական տկարութիւնը:
«Եթէ Թրամփ վստահ ըլլար իր դիւանագիտական կարողութիւններուն վրայ, նման մանկամիտ քայլեր չէր առներ: Նոյնիսկ պատերազմող երկիրները իրարու հանդէպ նման պատժամիջոցներ չեն սահմաներ, եւ դիւանագէտներուն համար մշտապէս բաց կը պահեն բանակցելու եւ այցելութիւններու ճանապարհը»:
Անոր համաձայն, ԱՄՆ-ն նախապէս յաճախ երկակի չափանիշեր կը կիրառէր, բայց նման քայլով (Զարիֆի դէմ պատժամիջոցներու սահմանումով) ցոյց տուաւ, որ ընդհանրապէս որեւէ չափանիշ չունի:
«ԱՄՆ-ի դէմ մենք պէտք է պահպանենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումը: Միայն ուժի դիրքերէն պէտք է խօսիլ ԱՄՆ-ի հետ, քանի որ փորձը ցոյց տուած է, որ միայն այդպէս կարելի է զսպել այդ երկիրը», եզրակացուցած է Կարէն Խանլարեան: