Արցախի մէջ տեղի ունենալիք համահայկական խաղերու նախօրեակին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտ ժամանած է: Ան այս առիթով Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցած է: ՀՀ վարչապետը իր խօսքին մէջ Հայաստանին եւ Արցախին առնչուող բազմաթիւ  մարտահրաւէրներու անդրադարձած է: Ան յայտնած է, թէ համահայկականութեան տրամաբանութիւնը իսկապէս կրնայ գոյութիւն ունենալ եւ արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ յենինք  քանի մը առանցքային համաձայնութիւններու  վրայ:

ՀՀ վարչապետը նախ ընդգծած է, որ բռնութիւնը պէտք է զանց առնուի ներհայկական որեւէ հարցի լուծման գործընթացէն: Անոր համաձայն, անոնք որոնք կը դիտարեն բռնութիւնը որպէս հարց լուծելու միջոց, պէտք է մերժուին եւ պատմութեան աղբանոցը նետուին: Վարչապետը յայտնած է, որ այս հարցին մէջ բացառութիւն չկայ, խօսքը օրինական բռնութեան կիրառման մասին է` ուղղուած յանցագործութիւններու կանխումին եւ բացայայտումին՝ հանրութեան բնականոն կեանքի ապահովման համար:

Այս առումով, վարչապետը կարեւոր համարած է Արցախի մէջ սպասուող նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւնները ազատ, մրցակցային, ժողովրդավարական միջավայրի մէջ, ժողովուրդին ազատ կամքի արտայայտման իսկական երաշխիքներուն ապահովումով: Ըստ անոր, Հայաստանը պէտք է հանդէս գայ եւ հանդէս կու  գայ որպէս Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքին արտայայտման, օրինաւոր իշխանութեան ձեւաւորման երաշխաւոր:

«Հայաստանի եւ Արցախի, հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը բարձրագոյն արժէք է: Եւ անոնք, որոնք կը փորձեն օտար ուժեր ներգրաւել ներհայկական, ներհայաստանեան հարցեր լուծելու համար: Անոնք, որոնք մեր երկրին մէջ հանդէս կու գան որպէս օտարերկրեայ շահերու ներկայացուցիչ, կ’արժանանան հայ ժողովուրդին եւ անոր օրինաւոր ներկայացուցիչ ՀՀ կառավարութեան ամենակոշտ հակազդեցութեան» ըսած է ան:

Վարչապետը համոզուած է, որ Հայաստանը եւ Արցախը պէտք է հեռու մնան փտածութենէ: Անոր դրսեւորումները, հովանաւորչութիւնը, արհեստական մենաշնորհները, խոչընդոտներու յարուցումը պէտք է արմատախիլ ըլլան: Փտածութեան արդիւնքով, ըստ անոր, պետութեան հասցուած նիւթական վնասները պէտք է հատուցուին:

Վարչապետը շեշտած է, որ իրաւունքի, օրէնքի գերակայութիւնը, օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութիւնը պէտք է դառնայ ներազգային յարաբերութիւններու առանցք: Արտաքին կամ ներքին ազդեցութիւններուն տրուող դատարաններու գոյութիւնը սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան: Հայաստանի եւ Արցախի դատարանները պէտք է անկախ ըլլան:

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ ամենագլխաւոր համաձայնութեան: Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացի նպատակը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման  եւ անվտանգութեան  համար մղուած արցախեան ազատամարտի արդիւնքներուն պաշտպանութիւնը: Բանակցութիւններու արդիւնքին համաձայն Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններուն համար ընդունելի համարուած որեւէ լուծում կրնայ ընդունելի դիտուիլ միայն Հայաստանի եւ Արցախի ժողովրդական հաւանութեան պարագային: Ան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Արցախի հարցին խաղաղ կարգաւորումը  սկզբունքային նշանակութիւն ունի, ապա մատնանշած, որ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը, մեր զինեալ ուժերուն մարտունակութեան շարունակական բարձրացումով, Հայաստանի համար կը մնայ բացարձակ առաջնահերթութիւն: