ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Հրապարակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.
« Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, յայտնի է: Եւ մենք վերապահութիւն չունինք: Այո, Արցախը Հայաստան է եւ վերջ: Մենք համաձայն ենք այդ տեսակէտին»:

Ապա աւելցուց, որ ՀՅԴ-ի վերջնական նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի միացումն է․ «Ինչո՞ւ, Հայաստանի կամ Արցախի մէջ այլ կարծիք կա՞յ, որ Հայաստանն ու Արցախը նոյնն են, այդ առումով ես կը հասկնամ այն վտանգները, որ կրնան ի յայտ գալ:Նոր բան չէ հայ իրականութեան մէջ, այս առումով մենք հարց չունինք: Ի հարկէ, մեր վերջնական նպատակը Հայաստանի եւ Արցախի միացումն է»:
Խօսելով այն մասին, թէ հակասութիւն կայ Փաշինեանի ըսածներուն մէջ, երբ ան մէկ պարագայի կ’ըսէ, որ ինք Արցախի անունով չի կրնար բանակցիլ, միւս կողմէն կ’ըսէ, որ Արցախը Հայաստան է, Սաղաթէլեան պատասխանեց․ «Փաշինեանի բոլոր ելոյթներուն մէջ հակասութիւններ կան, հիմա, եթէ խորանանք անոր մէջ, բազմաթիւ են իր ելոյթներու հակասութիւնները: Շատ կարեւոր է հասկնալ իր Կիրակի օրուան «լայվը»ը, երբ կ’ըսէր աղէտային ժառանգութիւն ստացած ենք, իսկ հիմա կ’ըսէ` 50 տարի պէտք է վերականգնելու այս բոլորը: Իրատեսական չէ, երբ առօրեայ հարցերը չես կրնար լուծել եւ կը խօսիս`50 տարի յետոյ ըլլալիքի մասին: Նախ անմիջական հարցերը փորձէ լուծել, յետոյ խօսէ 50 տարի վերջուան մասին: Ընդհանրապէս լաւ է, երբ պետութիւնը ունի տեսլական, բայց այդ յոյս չի ներշնչեր, որովհետեւ իրենք իրենց դիմագրաւած տարրական հարցերը չեն կրնար լուծել»:
Սաղաթելեան անդրադարձաւ նաեւ Փաշինեանի ընդհանուր ելոյթին․«Ինչ կը վերաբերի բուն ելոյթին, թէ ինչպիսի՛ Հայաստան կ’ուզենք ունենալ 50 տարի վերջ, լաւ է, որ վարչապետը ունի իր տեսլականը, թէ 50 տարի յետոյ ինչ պիտի ըլլայ, բայց մենք ունինք առօրեայ, հրատապ հարցեր, որոնք կը շարունակեն անլուծելի մնալ: Երբ կառավարութիւնը իր առջեւ դրած տարրական հարցերը չի կրնար լուծել ու կը խօսի 50 տարի վերջուայ մասին, քիչ մը անհասկնալի է եւ անտրամաբանական»:

Աննա Պապիկեան