«Թերթ».-Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 7 Օգոստոսին ուժի մէջ մտած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդութեան որոշումը:
Այս արտօնութիւնը կը վերաբերի պաշտօնական եւ ծառայողական անձնագրեր ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային փոխադրամիջոցներու վարորդներուն:
Ան կը ներառէ նաեւ Թուրքիոյ յատուկ անձնագիր ունեցողները: Նշուած է, որ Մայիս 2010-ին կնքուած համաձայնագիրը` առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդութեան մասին, մասամբ վերականգնուած է այսօր:
Ռուսիա ազատ մուտքի արտօնագիրի կիրարկումը դադրեցուցած էր 2015-ին` Սուրիոյ մէջ թրքական օդուժին կողմէ ռուսական զինուորական օդանաւին ջախջախումով երկու երկիրներուն միջեւ ի յայտ եկած լարուածութեան հետեւանքով:
Յուլիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած էր տեղեկացնել թրքական կողմը ազատ մուտքի դրութեան մասնակի վերականգնումին մասին: