Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Յովսէփ Գուպաթեան իր դիմատետրի էջին գրած է.
«Վերջին քանի մը օրերուն համայնքային «Կարմիր բլուր» գերեզմանատան մէջ կրկնուած են գերեզմաններու պղծման դէպքերը: «Բնակչութեան յատուկ սպասարկում» համայնքային ոչ առեւտրական կազմակերպութեան տնօրինութիւնը դիմած է ոստիկանութեան»: