Չորեգշաբթի, 7 Օգոստոս 2019-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբազան Զօպուեան, ընկերակցութեամբ կրօնական ժողովի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի, այցելեց Սուրիոյ Լատին համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Ճորճ Եպս. Ապու Ալխազէնին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քարմելիթ վանքի Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս: Համայնքապետը բարի գալուստի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, մաղթելով անսպառ կորով եւ օրհնաբեր գործունէութիւն: Ապա Հալէպի Լատին եկեղեցւոյ գործունէութեան առնչութեամբ ամփոփ բացատրութիւն տուաւ: Թեմիս Առաջնորդը խօսեցաւ միջհամայնքային յարաբերութեան կարեւորութեան մասին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետին որ ներկայ եղաւ նորընտիր առաջնորդին պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան: Սրբազան Հայրը յայտնեց որ բոլոր համայնքները կոչուած են միասնաբար եւ գործակցաբար դիմագրաւելու առկայ մարտահրաւէրները:
Երկու համայնքապետները շրջագայեցան վանական համալիրի բաժինները:
Աւարտին, յիշատակի նկարներ առնուեցան։