ԵՐԲ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ  ԱՆՈՂՈՔ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ

   Դուք հանդիպա՞ծ էք 16 տարեկան պատանիի մը, որ առտու մը ինքնավստահ քայլերով դասարան կը մտնէ ու…կը սկսի դասաւանդել։

   Այո՛, սխալ չկարդացիք։ 16 տարու պատանի մը դասարան կը մտնէ՝ ո՛չ թէ իբրեւ աշակերտ իր տեղը գրաւելու գրասեղանի մը ետին, այլ ամպիոնին վրայ կը կանգնի՝ իբրեւ ՈՒՍՈՒՑԻՉ։

   Ատիկա Շահան Պէրպէրեանն էր։ Ան ուսուցչագործել սկսած է 16 տարեկանին։ Զարմանահրա՜շ երեւոյթ։

   Արդարեւ, երբ իր մեծանուն հայրը՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան, անակնկալօրէն մահացաւ 8 Ապրիլ 1907-ին, Պէրպէրեան վարժարանին մէջ մեծ բաց մը գոյացաւ։ Ուսուցչապետին մահով յանկարծ թափուր կը մնար ամէնէն առաջ տնօրէնի աթոռը, իսկ շարք մը առարկաներ ալ կը մնային առանց դասատուի, քանի որ Ռեթէոս Պէրպէրեան, նիւթական խնայողութեան մտահոգութեամբ, միաժամանակ կ’աւանդէր 8-10 դասանիւթեր։

   Բարեբախտաբար կային ողբացեալին երկու մանչերը՝ Օննիկ եւ Շահան։

   Օննիկ անմիջապէս ստանձնեց դպրոցին տնօրէնի պաշտօնը, իսկ Շահան, իր սիրելի գիրքերը անութին տակ՝ դասարան մտաւ իբրեւ դասատու…։ Ճիշդ 16 տարեկան էր այն ատեն։ Ասիկա ճակատագրական արարք մըն էր, որ հաւանաբար մեկնակէտը պիտի դառնար իր ապագայ ամբողջ կեանքին, ամբո՛ղջ առաքելութեան։

   Օննիկ ու Շահան կարծես սրբազան ուխտ մը ըրած էին՝ շարունակելու իրենց հօր կրթանուէր գործը։ Ու ճակատագրին անողոք հարուածներն անգամ պիտի չյաջողէին խանգարել իրենց երազն ու ձգտումը։

   Իրենց հօր մահը լախտի հարուած էր անշուշտ ընտանիքին ու դպրոցին համար։

   Սակայն անկէ բաւական առաջ, 1899-ին, շատ դառն եղած էր նաեւ իրենց թանկագին մօր՝ տիկ. Զարուհիին մահը։ Զարուհի Պէրպէրեան (ծնեալ՝ Փանոսեան) հոգատար հսկիչն էր իրենց սեփական վարժարանին գիշերօթիկի բաժինին։ Շահան այն ատեն դեռ 8 տարեկան էր, իսկ Օննիկ՝ 11։ Կրնանք ըսել ուրեմն, որ անոնք որբութիւնն ալ համտեսեցին լիապէս…։

   Շահան 30 տարեկանին իր կեանքը կապեց հայուհիի մը՝ Թելլի Սիրաքեանի, բախտաւորուելով երկու մանչ զաւակներով,- Արտաւազդ եւ Պարէտ։

   Պարէտը սակայն մոթէօրի չարաղէտ արկածի մը զոհ գնաց Փարիզի մէջ 1952-ի Մարտին…։

   Ահաւոր ու անսպասելի հարուած մըն էր ասիկա Պէրպէրեաններուն համար։

   Պարէտ տաղանդաւոր ու հնարամիտ երիտասարդ մըն էր՝ գիտական բացառիկ ձիրքերով օժտեալ։ Փարիզի մէջ կ’աշակերտէր օդանաւային ճարտարագիտութեան վարժարանին ու կը խոստանար փայլուն ապագայ մը։ Լոկ 22 տարեկան էր…։

   Զաւկին կորուստին լուրը շանթահարեց Շահան Պէրպէրեանը, որ իր պաշտօնին գլուխը՝ Անթիլիաս կը գտնուէր, ու չկրցաւ իսկ ներկայ ըլլալ անոր յուղարկաւորութեան։ Որդեկորոյս հայրը անվերականգնելիօրէն ընկճուեցաւ. խոր վէրք մը բացուեցաւ անոր սրտին մէջ, որ իր կարգին՝ տկարութիւններ սկսաւ ցոյց տալ…։ Ան նոյնիսկ շուրջ տարի մը դադար տուաւ Անթիլիասի իր դասաւանդութիւններուն եւ նախընտրեց գլուխ-գլխի մնալ իր մեծ ցաւին հետ…։

   Ճակատագրի ինչպիսի՜ նմանութիւն՝ որդեկորոյս Շահան Պէրպէրեանին ու մեր կարգ մը գրագէտներուն միջեւ։

  Յիշեցէ՛ք.- վիպագիր Ծերենցն ալ կորսնցուց իր թարմատի դուստրը, Սրբուհի Տիւսաբն ալ կորսնցուց իր 19 տարեկան սրտահատորը, Լեւոն Շանթն ալ կորսնցուց իր որդին, բանասէր-բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանն ու բանաստեղծ Վահէ-Վահեանն ալ ապրեցան այդ այրո՛ղ ողբերգութիւնը…

   ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

   Հալէպի մեր երկրորդական վարժարաններէն մէկ քանին աւանդական շատ գնահատելի սովորութիւն մը ունին.- բարձրագոյն կարգերու աշակերտները տարին անգամ մը կ’առաջնորդեն ազգ. գերեզմանատուն եւ զանոնք կը համախմբեն գրագէտ Յակոբ Օշականի ու դանիացի հայասէր բարերարուհի Քարէն Եփփէի շիրիմներուն շուրջ։

   Ասիկա ուխտի այց մըն է, որ կը սորվեցնէ տղոց՝ գլուխ խոնարհեցնել մեծանուն դէմքերու բարոյական ներկայութեան առջեւ։

   Վերջին սա քանի մը տարիներուն ե՛ս եւս մասնակցեցայ աշակերտական այդ այցելութիւններուն ու գերեզմանատուն վազեցի այնքան խանդավառօրէն, որքան խանդավառութեամբ հոն կը վազէին աշակերտները՝ իրենք։

   Ու ամէն անգամ որ պտղունց մը անուշ խօսք արտասանելու հրաւիրուեցայ Օշականի շիրիմին վերեւ, իմ մտապատկերին մէջ ինքնաբերաբար ուրուագծուեցան երկու դէմքեր՝ Շահան Պէրպէրեան եւ Շաւարշ Միսաքեան։

   Այո՛, այս երկու դէմքերը ուղղակի առնչուած էին Օշականի անունին, որովհետեւ անոնք եղած էին այն ԵՐԿՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՄԲԱՆԱԽՕՍՆԵՐԸ, որոնց վիճակուած էր հրաժեշտի ուղերձներ կարդալ «Մնացորդաց»ի հեղինակին դագաղին վերեւ, առաջինը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ երկրորդը՝ ազգ. գերեզմանատունը, 20  Փետրուար 1948-ին։

   Օ՜, Օշական կրնա՞ր երեւակայել, թէ ի՛նչ անակնկալներ կը սպասէին իրեն Հալէպի մէջ, ուր փախած-եկած էր՝ Երուսաղէմի կրակներէն հեռանալու համար։

   Կրնա՞ր երեւակայել, թէ իր աչքերը յաւիտենապէս պիտի փակէր այստեղ՝ Հալէպ, պրուսացի իր հայրենակից Գրիգոր Երէցեանի տան մէջ։

   Կրնա՞ր երեւակայել, թէ իր շիրիմին վերեւ դամբանականներ պիտի խօսէին փարիզաբնակ Շաւարշ Միսաքեանն ու պէյրութաբնակ Շահան Պէրպէրեանը։

   Շահան Պէյրութէն Հալէպ պիտի գար լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Բարոյեանի ընկերակցութեամբ, յատկապէս բերելու հայ մտաւորականութեան սրտի խօսքը՝ իր տարիներու բարեկամին ու երկարամեայ պաշտօնակիցին, որուն հետ սերտօրէն գործակցած էր ի Պոլիս եւ յԵրուսաղէմ։ Ու պիտի ունենար յորդաբուխ եւ խիստ տպաւորիչ ելոյթ մը, տիրական ոճով վերլուծելով Օշականի գրականութիւնը ու վեր առնելով անոր մեծղի վաստակը։

   Կ’արժէ նշել հետեւեալն ալ.- Շահան Պէրպէրեան այդ թուականէն տարի մը առաջ եւս այցելած էր Հալէպ, բայց այն ատեն՝ ուրախառիթ պատեհութեամբ մը։

   1947 Մարտին էր ատիկա, երբ ան ընկերակցեր էր Գարեգին Յովսէփեանց հայրապետին, որուն ծննդեան 80-ամեակի, գրական գործունէութեան 60-ամեակի եւ քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի յոբելեանը պիտի նշուէր Հալէպ, ու ինք՝ գլխաւոր բանախօսն էր այդ ձեռնարկին։

   Եթէ ուզենք որոշ մանրամասնութիւններ իմանալ աւելի քան եօթանասուն տարի առաջ տեղի ունեցած այդ հանդէսին մասին, հայ մամուլի հին հաւաքածոնե՛րն են որ օժանդակութեան պիտի հասնին մեզի։

   Եկէ՛ք բանանք այդ օրերուն Հալէպ հրատարակուող «Եփրատ» օրաթերթի 18 Մարտ 1947-ի թիւը ու կարդանք Ա. էջին վրայ երեւցած լրատուութիւնը՝ ի մասին երկու օր առաջ Գարեգին կաթողիկոսին նուիրուած «յոբելենական փառաշուք հանդէս»ին։

   Թերթը կը նշէ, թէ Ս. Քառանից Մանկանց մայր եկեղեցին լի էր խուռներամ բազմութեամբ. լի էին նաեւ շրջափակն ու տանիքը, ուր տեղադրուած էին բարձրախօսներ։ Նախ խօսք կ’առնէր Հալէպի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեան, որ նկատել կու տար թէ Յոբելենական Յանձնախումբը խուսափած էր այս հանդէսին համար օտար խոշոր սրահ մը վարձելէ, յարմար դատելով որ ձեռնարկը կայանար մեր հարազատ տան մէջ, կարելի մեծավայելչութեամբ, ունենալով այն համոզումը՝ թէ այստեղ «կը գտնուինք անտես Աստուծոյ ներկայութեան»։

   Առաջին բանախօսը կ’ըլլար Կրթասիրաց վարժարանի տնօրէն պր. Գրիգոր Պօղարեան, որ իր գրաւոր ելոյթին մէջ մանրամասնօրէն կը գծէր յոբելեար Վեհին կեանքի ուղեծիրը, «իր ելոյթը համեմելով պզտիկ անեքթոտներով»։

   Իսկ երկրորդ բանախօսը՝ պր. Շահան Պէրպէրեան, «աւելի քան երեք քառորդ ժամ խօսեցաւ Վեհափառ յոբելեարին գրական եւ գիտական վաստակին մասին»։

   Մէջընդմէջ կ’երգուէին շարականներ՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ։ Աւարտին, խօսք կ’առնէր հայրապետը։ Տեղւոյն վրայ կատարուած նուիրատուութիւններէն կը գոյանար տասը հազար Ս.Ո. գումար մը։

    Ի դէպ, Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագիրը, որ այդ շրջանին տակաւին լոյս կ’ընծայուէր Հալէպ, Շահան Պէրպէրեանի վերոնշեալ ելոյթին պատճէնը կը տպէր միեւնոյն տարուան (1947) իր Գ. թիւին մէջ՝ «Վեհափառին Յոբելեանը» խորագրին տակ։

  (Շարունակելի – 3)
Լեւոն Շառոյեան