Կի­լիկ­եան Ճե­մա­րա­նի 2018-2019 տա­րեշր­ջա­նի միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի, 14 Յու­լիս 2019-ին, Ճե­մա­րա­նիս երկ­րոր­դա­կան բա­ժի­նի շր­ջա­փա­կէն ներս, հո­վա­նա­ւո­րութ­եամբ Կի­լիկ­եան Շր­ջա­նա­կի Խնա­մա­կա­լու­թեան, կազ­մա­կեր­պութ­եամբ Ճե­մա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­թեան, Հո­գա­բար­ձու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին։

Հան­դի­սու­թիւնը բաց­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րով, ապա ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի եւ հա­յազ­գի նա­հա­տակ­նե­րը։

Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ 12-րդ կար­գէն Բիւ­զանդ Ճուլ­հայ­եան։ Ան ըսաւ, որ սոյն հան­դի­սու­թիւնը նուիրուած է Ամե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի ծնընդ­եան 150-րդ ամ­եա­կին եւ գեղարուեստական յայտա­գի­րը կը բո­վան­դա­կէ մեծ բա­նաս­տեղ­ծին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։  Ապա ան աշակերտութեան անու­նով երախտագի­տա­կան խօսք ուղ­ղեց բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, որոնք ան­սա­կարկ նուի­րու­մով իրենց լա­ւա­գոյնը տուին։

Արա­բե­րէն բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց Իսա Ռա­զուք։ Ան, ող­ջու­նե­լէ ետք ներ­կա­նե­րը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ծնողնե­րուն եւ երկ­րիս վսե­մա­շուք նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին։

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րի հա­յե­րէն բա­ժի­նը կ’ընդգր­կէր Թու­ման­եա­նէն աս­մունք­ներ ու եր­գեր, իսկ արա­բե­րէ­նը նուիր­ուած էր սուր­ի­ա­կան մշա­կոյ­թին։

Այ­նու­հե­տեւ, տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Լի­զա Մազ­ման­եա­նի ձե­ռամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի հա­յե­րէն լեզ­ուի ու մնաց­եալ առար­կա­նե­րու մէջ գե­րա­զանց ար­դիւնք ապա­հո­ված աշա­կերտ­նե­րուն պար­գե­ւատ­րու­մը։ Ինչ­պէս նաեւ պար­գե­ւատր­ուե­ցան 2017-2018 տա­րեշր­ջա­նի 9-րդ եւ 12-րդ կար­գի պե­տա­կան քն­նու­թեանց բարձ­րա­գոյն նի­շը ապահո­ված աշա­կերտ­նե­րը։ Ապա տնօ­րէ­նու­հին իր սր­տի խօս­քը ար­տա­սա­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց շր­ջա­նա­ւարտ­ներն ու իրենց ծնող­նե­րը։Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րա­նիս հո­գա­տար բո­լոր մար­մին­նե­րուն։

Շր­ջա­նա­ւարտ աշա­կերտ­նե­րը իրենց հրա­ժեշ­տի խօս­քե­րը ար­տա­սա­նե­ցին, ապա տե­ղի ու­նե­ցաւ վկա­յա­կա­նաց բաշխումը։

Հուսկ՝ 12-րդ կար­գէն Յա­կոբ Նա­րին­եան վար­ժա­րա­նիս բա­նա­լին յանձ­նեց ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն, որոնք խոստա­ցան ան­մար պա­հել Կի­լիկ­եան կր­թօ­ճա­խին ջա­հը։

Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ Կի­լիկ­եան Ճե­մա­րա­նի քայ­լեր­գով, ներ­կայ բո­լոր կի­լիկ­եան­ցի­նե­րու մի­աս­նա­կան երգեցողութեամբ։

Ցոլեր Ապաճեան