«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան գրառում կատարած է «ֆեյսպուք» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ յայտնելով, որ ընտրութիւններուն չի բացառեր իր գործուն մասնակցութիւնը:
Ան դիտել տուած է, որ ներարցախեան քաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու համապետական ընտրութիւններուն հետ կապուած իրավիճակին կը հետեւի: Ան կը յայտնէ, որ օրինակելի ընտրութիւններու համար բացառիկ կարելիութիւններ ստեղծուած է, եւ պատրաստ է ամէն ինչով նպաստել այդ ընտրութիւններու շուրջ դիւանագիտական առաւել բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու:
Մասիս Մայիլեան ակնարկած է. «Չեմ կրնար անտեսել համապետական ընտրութիւններուն իմ մասնակցութեանս ձեւաչափին մասին բազմաթիւ հարցերն ու հարցումները Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն ու Սփիւռքէն: Մէկ անգամ եւս հաւաստելով մեր երկրի անվտանգ, ապահով, քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարական լաւագոյն ապագային հանդէպ խիստ շահագրգռուածութիւնը եւ այդ ապագայի կերտման գործին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու սկզբունքային պատրաստակամութիւնս, կ’ուզեմ տեղեկացնել, որ կը մտածեմ այդ ուղղութեամբ, պարբերաբար կը հետեւիմ հասարակական կարծիքի դրսեւորումներուն, մարդոց իղձերուն ու տրամադրութիւններուն,ձգտելով առաւելագոյնս օգտակար դառնալ այդ իղձերու իրականացման: Ուստի եւ ըստ էութեանս ընտրութիւններուն չեմ բացառեր իմ գործուն մասնակցութիւնը»: