«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան թոյլտուութեամբ 2010-էն ի վեր Վանայ լիճի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ կը մատուցուի:
2015-ին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած դադարէն ետք վերջին երկու տարիներուն կը շարունակուի պատարագ մատուցուիլ Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ:
Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Վանի նահանգային կառոյցի ղեկավար Մուզաֆֆեր Աքթուղ յայտնած է, որ արդէն սկսած են 8 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք պատարագի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Աքթուղի խօսքին համաձայն, Թուրքիան ակնկալիքներ ունի, որ այս տարի պատարագին աւելի շատ մարդ պիտի մասնակցի, քան նախորդ տարի:
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան տնտեսական աջակցութեամբ վերականգնուած էր 2010 թուականին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք հայ համայնքը տարին մէկ անգամ Սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիրակի օրը հոն պատարագ մատուցելու թոյլտւութիւն ստացած էր:
Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն վերջ առաջին անգամ պատարագ մատուցուեցաւ 19 Սեպտեմբեր 2010-ին: Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 2015-ին թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին պատարագ մատուցել` անվտանգութեան ապահովման հարցերէն մեկնելով: Վերջին անգամ պատարագ մատուցուած է 2018-ին: