Ասացուածնքեր
Առասպելները մեր կեանքին վրայ կ’ազդեն զանազան ձեւերով։ Անոնցմէ մաս մը, այնքան լայն ընդունելութիւն կը գտնեն, որ ժամանակի ընթացքին կը վերածուին թեւաւոր խօսքերու եւ ասացուածքներու։ Այս տեսակի պատումները թերեւս չեն հասնիր առասպելի կամ դիւցազնավէպի մակարդակին, այլ աւանդութիւններ են։ Այս անգամ պիտի անդրադառնանք կարգ մը այդպիսի աւանդութիւններու, որոնք ծայր առած են յունական դիցաբանութենէն ու առասպելաբանութենէն։ Անոնք անցեալին աւելի յաճախ կը գործածուէին եւ կը վայելէին առաւել ժողովրդականութիւն քան այսօր, այդ պատճառով ալ այս յօդուածը փորձ մըն է անգամ մը եւս զանոնք լուսարձակի տակ առնելու եւ վերադարձնելու գէթ մաս մը իրենց երբեմնի փառքէն։
Սիզիֆեան Աշխատանք
Սիզիֆեան կը կոչուին այն աշխատանքները, որոնց վրայ մարդ գերբնական ճիգ կը թափէ, սակայն արդիւնքի չի հասնիր, այլ ընդհակառակը՝ ճիշդ այն պահուն, երբ կը թուի թէ աշխատանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի, բան մը կը պատահի եւ ի դերեւ կ’ելլեն բոլոր թափուած ճիգերը։
Այս ասացուածքին հերոսը Կորոնթոսի յոյն թագաւոր Սիզիֆոսն է։ Ան նշանաւոր էր իր խորամանկութեամբ, որմէ չէին ազատած նոյնիսկ աստուածները։ Այդ պատճառով աստուածներու հայր Զեւսը կը դատապարտէ Սիզիֆոսը Անդենականին մէջ շղթայուած մնալու։ Երբ մահուան աստուած Հատէս պիտի գործադրէր պատիժը, Սիզիֆոս ինզինք միամիտ ձեւացնելով, կը խնդրէ Հատէսէն ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կը շղթայեն եւ այդ պահուն կը յաջողի շղթայել մահուան աստուածը ու վերադառնալ իր բնական կեանքին։ Անքան ատեն որ Հատէս շղթայուած էր աշխարհիս վրայ մարդ չի մեռնիր, աստուածները տագնապի կը մատնուին, ի վերջոյ կը յաջողին ազատել Հատէսը եւ անգամ մը եւս մահուան կը դատապարտեն խորամանկ թագաւորը։ Այս անգամ, չմահացած, Սիզիֆոս կնոջմէն կը խնդրէ իր անշնչացած մարմինը չթաղել, այլ տանիլ ու հրապարակը նետել։ Այդպէս ալ կը պատահի, Սիզիֆոսի մահէն ետք, անոր կինը չի կատարեր թաղման արարողութիւն, այլ դիակը կը նետէ հրապարակը, ուրկէ ալ գետը զայն կը քշէ, կը հասցնէ Ստիքս գետը՝ ապականելով անոր սրբազան ջուրը։ Սիզիֆոս այս անգամ կը դիմէ Անդենականի թագուհիին, Հատէսի կնոջ Փերսեֆոնէին, դիտել տալով, որ կինը անհոգ գտնուած, իր յիշատակը պղծած է եւ պէտք է վերադառնայ զայն խրատելու։ Այսպէս, երկրորդ անգամ ըլլալով Սիզիֆոս մահը կը խաբէ եւ կը վերադառնայ ողջերու աշխարհ։ Այս անգամ աստուածները անպատասխան չեն ձգեր անոր արարքները եւ զայն կը դատապարտեն այնպիսի պատիժով մը, որմէ ա՛լ փախուստ չկայ։ Սիզիֆոս յաւիտեանս պիտի աշխատէր հսկայ քար մը լերան գագաթը հասցնելու եւ ամէն անգամ որ հասնի, քարը անգամ մը եւս կը գլորուի վար եւ աշխատանքը ետ ծայրէն կը սկսի։ Ապարդիւն աշխատանքը միակ միջոցն է յաւիտեանս զբաղած պահելու խորամանկ թագաւորը։
Դանայեան Տակառ
Նախորդին պէս այս ալ կը խորհրդանշէ ապարդիւն, ապերախտ աշխատանքը եւ նոյնպէս առնչուած է յունական Անդենականի պատիժներուն հետ։
Այս ասացուածքին հերոսը Լիպիոյ թագաւոր Դանայոսն է եւ իր յիսուն դուստրերը։ Դանայոսին եղբայրը՝ Եգիպտոս, Նեղոսի թագաւորն էր եւ ան ալ իր կարգին ունէր յիսուն տղայ զաւակ։ Օր մը Եգիպտոս կ’այցելէ իր եղբայրը Դանայոս եւ իր յիսուն տղաքը անմիջապէս կը սիրահարուին իրենց հօրեղբօր յիսուն աղջիկներուն, որոնք իրենց հօր քաջալերանքով կը մերժեն ամուսնութեան առաջարկը։ Եգիպտոս, վիրաւորուած այս մերժումէն, կը յարձակի Դանայոսի թագաւորութեան վրայ եւ յաղթանակ տանելէ ետք, կը կազմակերպէ մեծ հարսանիք՝ յիսուն զոյգերուն համար։ Հարսանիքի աւարտին, երբ իւրաքանչիւր զոյգ կ’առանձնանայ, Դանայոսի 49 դուստրերը, իրենց հօր ցուցմունքներով, կը սպանեն իրենց փեսաները։ Միայն ամենափոքր դուստրը՝ Լինքէոսին հարսը, իսկապէս կը սիրէր ամուսինը, ուստի անոր ու ծառային հետ կը փախչի եւ ամբողջ կեանքը կ’ապրի խաղաղ ու երջանիկ՝ սիրոյ դիցուհի Աֆրոտէթի հովանաւորութեան տակ։
49 ոճրագործ քոյրերը այս աշխարհիս վրայ պատիժի չեն ենթարկուիր, աստուածները կը խնայեն զիրենք, սակայն Անդենականին մէջ, Հատէս անոնց կու տայ առանց յատակի տակառ մը եւ կը պատուիրէ զայն լեցնել։ Սիզիֆոսին պէս Դանայոսի 49 դուստրերը, մինչեւ այսօր կը փորձեն լեցնել այդ անյատակ տակառը։
Աքիլլէսեան Գարշապար
Աքիլլէսեան գարշապարը, կամ Աքիլլէսի կրունկը, կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր մարդու այն տկարութիւնը, որ նոյնիսկ կրնայ մահացու ըլլալ։
Աքիլլէսը յունական առասպելներու ամենասիրուած ու ռոմանթիք հերոսներէն մէկն է։ Ան հիմնական դեր կը խաղայ յունական մեծ դիւցազնավէպին՝ Իլիականին մէջ։ Աքիլլէսին մայրը Թետիս դիցուհին էր, իսկ հայրը մահկանացու էր։ Զաւակը անմահութեամբ օժտելու համար, Թետիս նորածին Աքիլլէսը կը թաթխէ Ստիքս գետին սրբազան ջուրերուն մէջ։
Ստիքսը յունական դիցաբանութեան մէջ սրբազան գետն է, որուն ջուրերով երդում կ’ընէին ատուածները։ Ստիքսի ջուրերուն մէջ թաթխած ատեն Թետիս նորածին Աքիլլէսին գարշապարէն կը բռնէ, այդ պատճառով ալ անոր ամբողջ մարմինը անխոցելի կ’ըլլայ, բացի կրունկէն, որ կը մնայ որպէս խոցելի կէտ։
Հետագային Աքիլլէս կը մասնակցի Տրոյական պատերազմին, որուն ընթացքին կը փայլի իր հերոսութեամբ ու յանդգնութեամբ, սակայն վերջին ճակատամարտին, Տրովադային պաշտպան Ափոլլոն, կ’իմանայ Աքիլլէսին խոցելի կէտին մասին ու կ’ուղղէ անոր թշնամիին՝ Փարիսին նետը դէպի Աքիլլեսին կրունկը։ Այդպէս անխոցելի հերոսը կը մահանայ կռուի դաշտին վրայ։
Գորդեան Հանգոյց
Գորդեան հանգոյց կը կոչուին յաճախ այնպիսի խճճուած խնդիրներ, որոնց լուծումը անկարելի կը թուի ըլլալ։ Սուրիական խնդիրը հանգիստ խղճով կարելի է անուանել գորդեան հանգոյց մը։ Թէ ինչպէ՞ս կարելի է քակել, ահա՛ անոր պատմութիւնը։
Ըստ հին յունական աւանդութեան, փռիւկեան նահապետ Գորդիոսը Զեւսի տաճարին նուիրած էր իր կառքը, որուն լուծը կապուած էր այնպիսի հնարամտութեամբ, որ կարելի չէր գտնել անոր ծայրերը ու քակել։ Աւելին՝ կար նաեւ մարգարէութիւն մը, թէ ո՛վ որ կարենար քակել այդ հանգոյցը, պիտի տիրապետէր ամբողջ Ասիոյ վրայ։ Հետագային, երբ Ալեքսանդր Մակեդոնացին կը հասնի Փռիւկիա, անոր կը ներկայացնեն հանգոյցն ու մարգարէութիւնը։ Հնարամիտ Ալեքսանդր, առանց վարանելու կը վերցնէ սուրը ու մէկ հարուածով «կը քակէ» անքակտելի հանգոյցը։ Անկէ ետք, ան իսկապէս կը տիրանայ ոչ միայն Ասիոյ, այլ նաեւ իր ժամանակի ծանօթ աշխարհի մեծամասնութեան։ Մարգարէութիւնը իրականացած էր։
Յուշիկ Ղազարեան