Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 31 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ երկամսեայ ամառնային դասընթացքներուն հետեւող աշակերտներուն համերգը։
Բացօթեայ համերգին ներկայ էին՝ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզըլեանն ու աշակերտութեան ծնողները։
Երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեան իր արտասանած բացման խօսքով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է փոքրիկներն ու պատանիները քաջալերել իրենց ընտրած երաժշտութեան ուղիին մէջ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, երաժշտանոցի վարչութեան, մասնաւորապէս ատենապետուհի Արուս Շահինեանին, որ անձնուէր ծառայութեամբ եւ երկարամեայ փորձառութեամբ նեցուկ կը կանգնի երաժշտանոցին՝ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները։ Ապա Պարսումեան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն գեղարուեստական ճաշակին մշակումը վստահած են «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին։
Համերգի յայտագիրը կ’ընդգրկէր հայ եւ օտար նշանաւոր երաժիշտներու գործեր, որոնք ներկաներուն հրամցուեցան իւրաքանչիւր աշակերտի իւրայատուկ կատարողութեամբ։ Աշակերտները սոյն դասընթացքին հետեւելով փորձեցին իրենց արձակուրդի շրջանը լաւագոյնս օգտագործել:
Աւարտին Տ. Խորէն Քհն. Պէրթիզլեան խօսք առաւ։ Ան կարճ պատմուածքի մը միջոցաւ ծնողներուն թելադրեց, որ իրենց զաւակները քաջալերեն արուեստի անդաստաններուն մէջ խորանալու՝ յղկելու իրենց ճաշակն ու հարստացնելու գիտելիքները։ Քահանայ հայրը Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի պատմուածքէն մէջբերում մը կատարելով յայտնեց. «Իւրաքանչիւր երեխայ արժէք մըն է, եւ մենք՝ ծնողք եւ դաստիարակ, պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնենք, որպէսզի մեր երեխաներուն ձիրքերը երեւան հանենք»:
Համերգը իր աւարտին հասաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։