2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին պրովէի պետական քննութեանց Հալէպի մակարդակով առաջնակարգ դիրքեր գրաւեցին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի աշակերտներ: 9-րդ կարգի աշակերտ Շազա Տիպէ 3100 ամբողջական նիշ ապահովելով գրաւեց Հալէպի մակարդակով առաջին դիրքը, Ռանա Մարթա 3095 ապահովելով՝ երրորդ դիրքը, իսկ Հապիպ Մասրիէ 3088 ապահովելով՝ տասերորդ դիրքը:
 Ուստի այս ուրախ եւ պա-տուաբեր առիթով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Չորեքշաբթի, 31 Յուլիս 2019, Բեթէլ եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց  սոյն աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Պարգեւատրման հանդիպումին ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնը, տեսուչը եւ Կրթական Խորհուրդի գործավարուհին:
Վերապատուելին բարձրօրէն գնահատեց աշակերտներն ու ծնողները 2018-2019 տարեշրջանին պրովէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշեր ապահովելուն առիթով:  Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական վարժարանը միշտ հետամուտ կ’ըլլայ իւրաքանչիւր աշակերտի ուսումնական ընթացքին:
Համայնքապետ Վերապատուելին ըսաւ. «Դպրոցը մեր հաւաքական մտահոգութեան, տագնապին, յաջողութեան եւ տեսլականին առարկան է:  Իւրաքանչիւր դպրոց իր աշակերտներուն ձեռք բերած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ առաւել կը ծաղկի:  Ձեր արձանագրած յաջողութիւնը ձեր աշխատանքի արժէքն ու անոր միջոցով յաջող արդիւնքներու հասնելու կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ: Սոյն յաջողութիւնը ձեր աշխատանքին կողքին հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է՝ դպրոց, ուսուցիչ եւ ծնողք փոխգործակցութեամբ: Այսօր պատեհ առիթն է, որ անգամ մը եւս  վերանորոգենք մեր հաւաքական նախանձախնդրութիւնը եւ գործակցութիւնը  դպրոցին նկատմամբ՝ ընդմիշտ նուաճելով լաւագոյնը»:
Այնուհետեւ համայնքապետը նկատել տուաւ, որ արձանագրուած յաջողութիւնը Աստուծոյ մէկ նախախնամութիւնն է, որովհետեւ արդիւնքները պատահական չեն: Ապա աւելցնելով յայտնեց, որ իւրաքանչիւր նուաճում Աստուծոյ կամքի դրսեւորումն է նաեւ:
Հանդիպումին ջերմ բարեմաղթութիւններու փոխանակումէն ետք, համայնքապետը նիւթական գումարով գնահատեց աշակերտները, ինչպէս նաեւ վարժարանէն ներս իւրաքանչիւրը ստացաւ կրթական նպաստ մինչեւ պաքալորիայի աւարտ:
Թղթակից