Կազմակերպութեամբ սուրիական առցանց համալսարանի ինքնազարգացման կեդրոնին, Մայիս ամսուն Սուրիոյ նահանգներուն մէջ ընթացք առաւ փոքրիկներու եւ պատանիներու Համակարգչային Ծրագրաւորման Մարաթոն:
11 Մայիս 2019-ին Սուրիոյ զանազան շրջաններէն աւելի քան 1500 մասնակիցներ յանձնեցին առաջին քննութիւնը, տարիքային երկու խմբաւորումներով՝ 8-11 տարեկան եւ 12-15 տարեկան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մակարդակի ճշդումի քննութիւն:
3 Օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ քննութիւնը, որուն Սուրիոյ շրջաններէն իրենց մասնակցութիւնը բերին 838 փոքրիկներ եւ պատանիներ:
Հալէպի մակարդակով Ազգային Միացեալ վարժարանի վեցերորդ կարգէն 11-ամեայ Շանթ Պօղիկեան ապահովեց 75/100 արդիւնք, գրաւելով Հալէպի բարձրագոյն դիրքը: Շանթը համակարգչային գիտութիւններու սուրիական միութեան մարզումներուն հետեւելով 28 Օգոստոս 2019-ին Հալէպի 17 յաջողութիւն ապահոված փոքրիկներուն հետ պիտի մեկնի Դամասկոս, մասնակցելու աւարտական քննութեան: