«Արմէնփրէս».-ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան 13 Օգոստոսին ընդունած է Ռումանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քորնէլ Իւօնեսքուն:
Փոխվարչապետը շնորհաւորած է դեսպանին առաքելութիւնը աւելցնելով, որ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ Ռումանիոյ հետ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած գործակցութեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Քորնէլ Իւօնեսքուն յայտնած է, որ առաւելագոյն ջանքեր ի գործ կը դնէ հայ-ռումանիական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար:
«Գոհունակութեամբ արձանագրած ենք նախորդ տարուան ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի ծաւալներուն աճը: Միաժամանակ յայտնած ենք, որ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ առկայ է զգալի ներուժ եւ անհրաժեշտ է գործուն աշխատանքներ տանիլ զայն կեանքի կոչելու համար: Կարեւոր համարուած է հայ-ռումանական առեւտրատնտեսական եւ գիտարուեստական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստին գումարումը:
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է համեմատաբար վերջերս բացուած Երեւան-Պուխարեստ ուղիղ թռիչքին, որ մեծ դեր կրնայ խաղալ գործարար կապերու եւ զբօսաշրջութեան աշխուժացման մէջ:
Ընդգծած ենք նաեւ Ռումանիոյ հայ համայնքին ունեցած դերը երկկողմ կապերու ամրապնդման մէջ», գրած է Աւինեան: