Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեկլարեան յայտարարութիւն մը տարածած է Արայիկ Ղազարեանի դէպքին առիթով` դատապարտելով անոր քարոզչական գործիք դարձնելու Ատրպէյճանի քայլերը:
Յայտարարութեան մէջ յիշուած է.
«12 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակը պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ նոյն օրը ՊԲ զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասէն, տակաւին անյայտ պատճառներով մարտական դիրքը լքած է զինուորական ծառայող Արայիկ Հայկի Ղազարեան: Այնուհետեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկացուցած են, որ ան Ատրպէյճանի տարածքին մէջ է` հրապարակելով Ա.Ղազարեանի որոշ լուսանկարները:
Պաշտպանը կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմին քայլերը՝ Արցախի Հանրապետութեան զինուորական ծառայողը քարոզչական գործիք դարձնելուն համար: Ատրպէյճանի մօտ աւանդական գործելաոճ դարձած է իր տարածքին մէջ յայտնուած հայազգի քաղաքացիական անձանց եւ զինուորական ծառայողներուն` միջազգային մարդասիրական իրաւունքով սահմանուած իրաւունքներու խախտումը:
Ժընեւեան պայմանագրութիւնները կը նախատեսեն զինուած ընդհարումին մէջ գտնուող կողմի տարածքին մէջ յայտնուած զինուորականներուն (Ժընեւեան 3-րդ պայմանագրութիւն, յօդուած 13) եւ քաղաքացիական անձանց (Ժընեւեան 4-րդ պայմանագրութիւն, յօդուած 27) զերծ կացուցանել` հանրային հետաքրքրութիւն շարժող քարոզչամիջոցներէն: Ըստ էութեան, այդ մարդասիրական վերաբերմունքը կարեւոր է տուեալ խոցելի խումբին ոչ միայն հանրութեան մատչելի բացասական վերաբերմունքէն զերծ պահելու, այլ նաեւ` հակամարտութեան պայմանները քարոզչական գործիք չդարձնելու տեսանկիւններէն:
Այս պայմաններուն մէջ կարեւոր է, որ միջազգային կազմակերպութիւնները արագ արձագանգեն իրավիճակին եւ կանխեն Արայիկ Ղազարեանի հանդէպ հետագայ իրաւախախտումները: Այդ առումով, պաշտպանը կապի մէջ է պետական եւ միջազգային պատկան մարմիններու հետ` պատրաստ ըլլալով իր լիազօրութիւններով աջակցելու իրավիճակի դրական հանգուցալուծման»: