«Արցախփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 14 Օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (ՀԱՀ) նախագահ Կարին Մարքիտեսը, ՀԱՀ փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեաննն ու Արցախի ծրագրի ղեկավար Նոնա Պօղոսեանը:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը յայտնեց, որ խորհրդարանի ղեկավարը ողջունելով հիւրերը շնորհաւորած է ՀԱՀ նորանշանակ նախագահը ստանձնած պաշտօնին առիթով եւ հաստատած, որ համալսարանի պատասխանատու կազմին եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ նախորդ տարիներուն ձեւաւորուած գործակցութիւնը շարունակաբար պիտի զարգանայ:
Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է Արցախի աշխատակիցներու վերապատրաստման եւ կարողութիւններու զարգացման, արցախցի ուսանողներուն ժամանակակից կրթական բնորդներու մասնակից դառնալու կարելիութիւններու ընձեռնման ուղղութեամբ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին տարած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Կարին Մարքիտես յայտնած է, որ յստակօրէն կը պատկերացնէ, թէ 21-րդ դարու համալսարանները ինչպիսի դերակատարութիւն պէտք է ունենան հասարակութեան զարգացման մէջ, եւ ամէն ջանք պիտի թափէ Հայաստանի մէջ կրթութեան ոլորտի կատարելագործման համար ամերիկեան համալսարանի դերը առաւել եւս ընդգծելու համար: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդլայնելու համալսարանի եւ Արցախի միջեւ առկայ փոխգործակցութիւնը` ներառելով նոր ուղղութիւններ: